Այսօր՝ 7 Յունիսի առաւօտեան ժամը 8։00-ին, Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ ընթացք առին երկրորդական բաժինի աւարտական կարգի՝ պաքալորիայի, 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանի պետական քննութիւնները, գրական, գիտական, ինչպէս նաեւ արհեստից պաքալորիայի բաժիններով։

Քննութիւններ յանձնելու ներկայացան 256. 924 աշակերտ-աշակերտուհիներ, բաժնուած Սուրիոյ բոլոր նահանգներու 2332 կեդրոններուն մէջ։

Գիտական եւ արհեստից բաժիններու քննութիւնները կը տեւեն մինչեւ 26 Յունիս, իսկ գրականինը՝ 24 Յունիս 2023։