«Արմէնփրէս»._ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու միատեղ նիստի «ՀՀ 2022թ. պետական պիւտճէի կատարման մասին» տարեկան հաշուետուութեան նախնական քննարկումներուն ընթացքին՝ անդրադառնալով «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանի հարցումին, թէ արդեօք Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն լիազօրուա՞ծ են իրենց անունով բանակցելու Արցախի ապագայ կարգավիճակին շուրջ, ըսաւ, որ որեւէ մէկը աշխարհի մէջ չի կրնար ժխտել, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքներու հետ առնչուած կան բազմաթիւ բաց հարցեր․ անոնք պէտք է քննարկուին ու հասցէագրուին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, ընտրուած մարմիններու կողմէն, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է փորձեն ապահովել այդ երկխօսութեան սկիզբը, ձեւաչափը եւ հարթակը: