Չորեքշաբթի, 7 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, հայրապետական թափօրը՝ առաջնորդութեամբ եկեղեցականաց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ Թորոնթոյի Մասնաճիւղի շեփորախումբին ու սկաուտներուն եւ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան, հասաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցի։

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Գահակալ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի մուտք գործեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական Աղօթք։

Սոյն արարողութեան ներկայ էին միջ-եկեղեցական հետեւեալ կրօնական պետերը՝ ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Անպա Մինա Եպիսկոպոս, Գանատայի անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդ Լինտա Արքեպիսկոպոս Նիքըլս, հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէճեանը, հայ առաքելական եկեղեցւոյ համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քահանայ Զարկարեան, ինչպէս նաեւ՝ ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ անկլիքան եկեղեցւոյ քահանաներ ու սարկաւագներ։

Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամները, տեղւոյն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ գաղութէն ներս գործող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը։

Գանատայի առաջնորդ սրբազան հայրը, Կանոնական աղօթքէն ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ անոր օրհնաբեր այցելութեան առիթով, որմէ ետք Գահակալ Հայրապետը փոխանցեց հայրապետական իր օրհնաբեր պատգամը։

 

Նորին Սրբութիւնը հայրապետական ջերմ սիրով ողջունեց ներկաները եւ իր հոգեկան անհուն ուրախութիւնը յայտնեց անգամ մը եւս Թորոնթոյի սիրելի զաւակներուն հետ ըլլալուն համար։ Երկլեզու իր պատգամին մէջ ան նշեց, որ պատմութեան բազմաթիւ հանգրուաններուն ընթացքին եկեղեցիներուն միջեւ բաժանումներ պարտադրուած եղած են, սակայն եկեղեցիներուն միութիւնը իր ամուր արմատները ունի Աստուծոյ Որդիին մէջ, որուն ամրապնդումը պէտք է ա՛լ աւելի ուժեղացնել, եւ ապրիլ մեզի պարգեւուած այդ շնորհքով։ Խօսքը ուղղելով եկեղեցւոյ զաւակներուն, Հայրապետը անգամ մը եւս ընդգծեց, որ եկեղեցին գոյութիւն ունի յանուն ժողովուրդի ծառայութեան, եւ ա՛յդ է եկեղեցւոյ առաքելութեան նպատակը. «Քրիստոս ըսաւ՝ ես եկայ աշխարհ ո՛չ թէ ծառայութիւն ստանալու, այլ՝ ծառայելու»։ Առ այդ, Նորին Ս. Օծութիւնը վերաշեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութեան յանձնառութիւնը հայրենիքին ծառայութեան ու ըսաւ. «Մենք պատրաստ ենք ծառայելու մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին, Արցախին՝ մասնակից դառնալով այն բոլոր աշխատանքներուն, որոնց նպատակը մեր հայրենիքին, Արցախին, ժողովուրդին ընդհանրական շահերուն կենսագործումն է, մեր կեցուածքներուն առաւե՛լ ամրապնդումն է»։

 

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ աջահամբոյր՝ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ։