Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» Մասնաճիւղի «Մշակութային Երեկոյ» յաջորդական ծրագիրներուն շարքին այս եղանակի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Յունիս 9 ին։ Օրուան բանախօսն էր դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան։

Դոկտ. Ճէպէճեան ընդհանուր քարտուղարն է Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան։ Ան ներկայացուց «Սփիւռք, Հայապահպանում եւ Ամբողջական Մշակոյթ» նիւթը։

«Մշակութային Երեկոյ»-ի բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան, որմէ ետք դոկտ. Ճէպէճեան իր նիւթը ներկայացուց՝ նախ ներկայացնելով մշակոյթ հասկացութիւնը եւ անոր բաղադրիչ տարրերը՝ անդրադառնալով ամբողջական մշակոյթի կազմաւորման եւ անոր դերին հաւաքականութեան մը կեանքին մէջ։

Դոկտ. Ճէպէճեան այնուհետեւ անդրադարձաւ ցեղասպանութեան աղէտներէն մէկուն՝ հայութեան ամբողջական մշակոյթի կորուստին, երբ հայ ժողովուրդը իր պապենական հողէն տեղահան ըլլալով կորսնցուց իր ազգային հողին վրայ ապրելու իրաւունքը իր ինքնուրոյն կենցաղը, իր մշակոյթն ու մշակոյթով զարգանալու կարելիութիւնները։

Դոկտ. Ճէպէճեան խօսեցաւ հայկական սփիւռքներու կազմաւորումին մասին՝ սկզբնական օրերէն մինչեւ ներկայ ժամանակներ։ Ան ներկայացուց հայկական սփիւռքներու փոփոխութեան տարբեր փուլերը եւ անոնց համարկումը տեղական միջավայրերու հետ։ Այս իմաստով, ան ներկայացուց հայկական սփիւռքներու բարդ խճանկարները այսօր՝ օրինակներ բերելով իր երկար տարիներու ճամբորդութիւններու ընթացքին նկատած երեւոյթներէն, դիտել տալով որ «Հայկական սփիւռքները տարբեր են, բայց իրարմէ օտարացած չեն»։

Դոկտ. Ճէպէճեան անդրադարձաւ ներկայ ժամանակներու համաշխարհային կարգավիճակներուն։ Համաշխարհայնացումէն դէպի տեղայնացում փոխադրուող իրավիճակներուն մէջ ան վեր արաւ « քաղաքական ինքնութիւն» հասկացութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը հաւաքականութիւններու կեանքին վրայ։

Դոկտ. Ճէպէճեան իր խօսքին աւարտին անդրադարձաւ հայապահպանում հասկացութեան եւ անոր ծառայող անհրաժեշտ ծրագրաւորման կարեւորութեան։ «Մենք հայապահպանումի մարտահրաւէրը կը դիմագրաւենք սփիւռքի մէջ։ Իւրաքանչիւր գաղութ իր ճակատամարտը կը մղէ իր իրականութեան մէջ» ըսաւ ան։ Դոկտ. Ճէպէճեան շեշտեց նոր սերունդի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, անհրաժեշտ համարելով երիտասարդութեան մէջ հպարտութեան սերմանումը հայկական ինքնութեամբ եւ մշակութային հսկայ ժառանգութեամբ։

Ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ երիտասարդ, խոստմնալից երգիչ Գարիկ Մալխասեան, մեներգելով Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն։