«Արմենփրէս»._Հայաստանի Հանրապետության Արտաքին Գործոց Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ առկայ են լրջագոյն մտահոգութիւններ, որ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը հող կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հերթական յարձակողական գործողութիւններու եւ ցեղային զտումներու իրականացման համար:
«Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը տեւական ժամանակ է, գրեթէ ամէն օր կեղծ լուրեր կը տարածէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, ԼՂ Պաշտպանութեան Բանակի կողմէն հրադադարի խախտումներուն մասին:

Յատկանշական է, որ Ռուսիոյ խաղաղապահներուն կողմէն հրապարակուող տեղեկատուական նիւթերուն մէջ արձանագրուած են հրադադարի` միայն ատրպէյճանական կողմէն խախտումներ:

Նկատի առնելով արդէն իսկ աւանդական դարձած ատրպէյճանական փորձը՝ ուժի կիրառման հերթական գործողութիւնները իրականացնելէն առաջ ապահովել անոնց «տեղեկատուական նախապատրաստումը» եւ ապագայ գործողութիւններու պատասխանատուութիւնը արհեստականօրէն ի սկզբանէ վերագրել միւս կողմին՝ առկայ են լրջագոյն մտահոգութիւններ, որ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, ի հեճուկս իր իսկ կողմէն ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւններուն, հող կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հերթական յարձակողական գործողութիւններու եւ ցեղային զտումներու իրականացման համար:

Կոչ կ’ուղղենք Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերուն խստագոյնս հետեւելու հրադադարի դրութեան պահպանման եւ հետաքննելու Ատրպէյճանի կողմէն արծարծող բոլոր դէպքերը՝ հանրայնօրէն ներկայացնելով իրերու ողջ դրութիւնը:

Միեւնոյն ատեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը վերահաստատէ իր դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղելու անհրաժեշտութեան մասին, որ եւս կրնայ հաւաստի եւ անկողմնակալ տեղեկատուութիւն տրամադրել կողմերու միջեւ շփման գիծի իրավիճակին մասին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առկայ մարդկային ճգնաժամի մասին, որ յառաջացած է Ատրպէյճանի կողմէն 9 Նոյեմբեր 2020_ի յայտարարութեամբ սահմանուած կարգի խախտումով ապօրինի անցակէտ տեղադրելու միջոցով Լաչինի միջանցքի գործունէության խաթարման, Լեռնային Ղարաբաղի բնական կազի եւ էլեկտրական ուժանիւթի մատակարարումները Ատրպէյճանի կողմէն արգելափակելու, գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող քաղաքացիներուն եւ գիւղատնտեսական ճարտարագիտական ատրպէյճանցի զինուորականներու կողմէն թիրախաւորելու միջոցով:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը վստահ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան հարցերու հասցէագրումը միջազգային ձեւաչափով Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջոցով հրատապ է եւ անյետաձգելի եւ միջազգային հանրութեան կոչ կ’ուղղէ աջակցելու այս գործընթացին», ըսուած է ՀՀ ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ: