Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը դատապարտած է Լաչինի միջանցքին՝ արդէն 6 ամիս շարունակուող արգելափակումը՝ գրառում կատարելով թուիթըրեան իր էջին:
«Արդէն 6 ամիս է՝ Լաչինի միջանցքը ապօրինի արգելափակուած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 120 000 մարդու հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու շարունակական խիստ սահմանափակումներով, որ վնասակար ազդեցութիւն ունի 30 000 երեխայի եւ 9 000 հաշմանդամութիւն ունեցող անձի վրայ», ըսուած է գրառումին մէջ։
Հակառակ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22.02.23 օրինականօրէն պարտադիր վճիռին եւ միջազգային հաստատութիւններու բազմաթիւ զանգերուն, ըսուած է գրառումին մէջ: