Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի անձնական հարցերու օգնական Ալի Ազղար Խաճին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Կողմերը խորհրդակցեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային կարեւոր հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ Սուրիոյ եւ Իրանի միացեալ կեցուածքին եւ տեսլականին շուրջ։
Նախագահ Ասատ շեշտեց յառաջիկայ փուլին ընթացքին հարցերու կարգաւորման կարեւորութիւնը, յատկապէս քառակի ժողովներուն եւ Ասթանայի բանակցութեան առնչուող քայլերուն անդրադառնալով։
Նախագահը կարեւոր համարեց միացեալ ռազմավարութեան ճշդումը, որպէսզի հարցերը յստականան եւ նպատակները պարզուին, ըլլայ սուրիական հողերէն թրքական ուժերուն դուրս գալուն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին կամ այլ ուղղութիւններով։
Իր կարգին Խաճի հաստատեց, որ Սուրիան ճշգրիտ դիտանկիւն ունի շատ մը հարցերու նկատմամբ։ Ան յայտնեց, որ Իրան ուրախ է Սուրիոյ եւ արաբական երկիրներուն միջեւ յարաբերութեան վերականգնումին համար, շեշտելով, որ այս կարեւոր փուլին կարելի չէր հասնիլ առանց Սուրիոյ ժողովուրդին պայքարին եւ զոհողութեան։