Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ ընդունելով Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար նախարար իշխան Ֆայսալ պըն Ֆարհան պըն Ապտալլայի հրաւէրը ժամանեց Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատ։
Նախարար Մըքտատին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան ընդունելութեան ներկայ էին Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուներ։
Յիշենք, որ Նախարար Մըքտատ Ռիատ ժամանեց մասնակցելու համար արաբական եւ Փասիֆիք կղզիներու երկիրներու նախարարական երկրորդ ժողովին։