ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ
9-11 Յունիս 2023-ին տեղի ունեցած է ՀՅԴ Հայաստանի 26-րդ Գերագոյն ժողովը:
Ժողովը քննած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի երկամեայ գործունէութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ ստեղծուած իրավիճակը, նախանշած է յառաջիկայ ընելիքները եւ սահմանած ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի գործունէութեան ուղենիշները:
Ժողովի աւարտին ընտրուած է Գերագոյն Մարմին հետեւեալ կազմով.
Աւետիսեան Թադեւոս
Գալստեան Լիլիթ
Գէորգեան Արգիշտի
Յակոբեան Վարդան
Մաթիլեան Յակոբ
Մանուկեան Գեղամ
Մեղրեան Պետրոս
Սաղաթէլեան Իշխան
Սարգսեան Իգոր
Սիմոնեան Աշոտ
Ստեփանեան Խաչատուր
Վարդանեան Գերասիմ
Տօնոյեան Տարօն
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ ընտրուած է Իշխան Սաղաթէլեան: