13 Յունիսին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի նորընտիր Գերագոյն մարմնի անդամներու մամլոյ ասուլիսը։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան խօսեցաւ յառաջիկայ գլխաւոր ընելիքներուն եւ մարտավարութիւններուն մասին։

Մենք պետք է հասնինք այն բանին, որ այդ փաստաթուղթը չստորագրուի, անոր համար ժողովուրդը պէտք է դուրս բերենք պայքարի, ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան։

Սաղաթէլեանի խօսքին համաձայն, քաղաքական ուժերը շատ մատչելի երեք բան պէտք է ներկայացնեն մեր հանրութեան՝ երկիրը ստեղծուած իրավիճակէն դուրս բերելու ծրագիր, իրականացնող խումբ եւ իշխանափոխութեան ճանապարհային քարտէզ։

Հայ ժողովուրդը եւ հայոց պետականութիւնը կանգնած է գոյութենական ծանրագոյն սպառնալիքին առջեւ. Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած ապազգային քաղաքականութիւնը, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ուրացումը, ՀՀ Անկախութեան հռչակագրէն բխող յանձնառութենէն եւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի սահմանադրական պարտականութիւններէն հրաժարիծը, թուրք-ատրպէյճանական պարտադրող զիջումները ընդունելու եւ հայ ժողովուրդի ազգային պետական շահերը ստորադասելու քաղաքականութիւնը կործանարար է. Իշխան Սաղաթէլեան ընթերցեց ՀՅԴ Հայաստանի 26-րդ Գերագոյն ժողովի յայտարարութիւնը։