Անցնող օրերուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ «SALT» եւ «HOPE CENTER» բարեսիրական հաստատութիւններու կեդրոնները, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ երկու հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Նպաստից Մարմինի անդամ Յարութ Հայրապետեան։

Սրբազան Հայրը իրազեկ դարձաւ ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ հաստատութիւններուն տարած մարդասիրական ծառայութիւններուն, գնահատեց եւ առաւել ուժ եւ կորով մաղթեց անոնց՝ աստուածահաճոյ ծառայութիւնը լաւագոյնս յառաջ տանելու ի խնդիր։
Հաստատութեան ներկայացուցիչներուն խնդրանքով Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած հայցելով Ամենակալին օրհնութիւնն ու պահպանութիւնը։
Այցելութեան առիթով, Սրբազան Հայրը հայկական ձեռագործ խաչ նուիրեց հաստատութիւններու պատասխանատուներուն, մաղթելով, որ Տիրոջ խաչի զօրութիւնը պահապան ըլլայ երկու հաստատութիւններուն եւ անոնց յարկէն ներս ծառայողներուն։