Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան, Շաբաթ, 10 Յունիս 2023-ին տեղի ունեցաւ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի 2022-2023 տարեշրջանի աւարտական հանդէսն ու հաստատագրերու բաշխումը:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, շրջանաւարտները ինքնավստահ քայլերով բեմ բարձրացան:
Արդարեւ, բացման խօսքով ուսուցչուհի Մարալ Ապլաքեան-Քէչէճեան անդրադարձաւ հայ կրթական մշակի գիտակից աշխատանքին եւ նուիրուածութեան, հայ դպրոցի առաքելութեան եւ շրջանաւարտներուն մաղթեց փայլուն ապագայ:
Յայտագիրը ընդգրկեց հայերէն եւ արաբերէն երգեր ու ասմունքներ:
Աշխոյժ ու եռանդուն շրջանաւարտները ներկայացուցին խմբային «Խաղաղութիւն», «Իմ Ուսուցիչ», «Հայ Զինուոր», «Արցախ», «Սուրիա Եա Հապիպաթի», «Ինի Ըխթարթուքա Եա Ուաթանի» երգերը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շողեր Օհանեան-Քահքէճեանի, ապա հանդէս եկան ասմունքելով Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» եւ Ժագ Յակոբեանի «Մենք» քերթուածները:
Խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Կարմիր Նուռ» պարը, որմէ ետք Սագօ Պալապանեան ջութակով նուագ մը հրամցուց: Աւարտին շրջանաւարտները  երգեցին «Հայ Ենք Մենք» խմբերգը:
Վարժարանի պետական տնօրէնուհի Պայան ալ-Նուքարի շնորհաւորեց շրջանաւարտները՝ մաղթելով յաջողութիւն եւ փայլուն ապագայ:
Տնօրէնուհի Նայիրի Քէօշկէրեան-Բանոյեան իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ 2022-2023 տարեշրջանը ծանր էր աղէտալի երկրաշարժին, երկրին տնտեսական պայմաններուն պատճառով, ժխտական անդրադարձներով լի էր ինչպէս բոլորիս, նոյնպէս ալ վարժարանին վրայ։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ իր օրհնաբեր այցելութիւններով ու աղօթքներով նեցուկ կանգնեցաւ բոլորին: Տնօրէնուհին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ երկրիս նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, որուն իմաստուն ղեկավարութեան եւ հովանիին ներքոյ ապահով կ’ապրինք։ Ապա շնորհակալական ու երախտագիտական յատուկ խօսքերով բարձր գնահատեց վարժարանիս նեցուկ կանգնող բոլոր բարերարները: Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները՝  մաղթելով, որ անոնց ծրագիրները պսակուին յաջողութեամբ:
Սրբազան հօր ձեռամբ տեղի ունեցաւ հաստատագրերու բաշխումը:
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնանքն ու սրտի խօսքը ուղղեց բոլորին, շեշտելով որ հայ դպրոցները միջնաբերդեր են, իսկ նուիրեալ ուսուցիչները՝ սպարապետներ, որոնք յանձն առած են պատրաստել հոգեմտաւոր հարստութեամբ տոգորուած սերունդներու բանակներ:
Մակար սրբազան հուսկ շրջանաւարտներուն մաղթեց, որ ըլլան տիպար եւ նպատակասլաց հայորդիներ ու ինչպէս անձնական կեանքի մէջ իրենց յաջողութեան, այնպէս ալ համայնքի եւ ազգի բարգաւաճման համար մաքառին:
Այս առիթով հոգաբարձութիւնը յուշանուէրներով պարգեւատրեց վարժարանի վարչական կազմէն Մարալ Աւագեանն ու ուսուցչուհի Լենա Նազարեանը, երկար տարիներու իրենց աշխատանքի շրջանը բոլորած ըլլալնուն համար, ինչպէս նաեւ վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Զեփիւռ Է. Րէիսեանը, իբրեւ երախտագիտութիւն տարիներու իր վաստակաշատ աշխատանքին:
Աւարտին շրջանաւարտներն ու վարժարանի անձնակազմը հատեցին այս առիթով պատրաստուած կարկանդակը:
Թղթակից