Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք Նուպար Սրապեանի գրառումն ու մէջբերուած յօդուածը՝ («Artsakh The Inadequate Response» իր կայքէն), միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ Անայիս Քատեանի  Քանատայի քաղաքական գործիչներուն ուղղուած  Արցախի շրջափակման դատապարտման կոչին առիթով։ Յօդուածը կ’անդրադառնայ Պերլինի շրջափակման եւ այդ օրերուն ԱՄՆ-ի եւ արեւմտեան երկիրներու Պերլինի բնակչութեան առաքած օդային մատակարարման  եւ համեմատութիւն մը կը փորձէ ընել Արցախի ներկայ շրջափակման եւ արեւմտեան երկիրներու անտարբեր մօտեցումին հետ։
Խմբ.
* * *
Ատրպէյճանի պաշտօնեաներուն  ճամբորդական սահմանափակումներ  հաստատելու  կամ պետութեան սնտուկը թալանող, այլ երկիրներու դրամատուներու մէջ աստղաբաշխական հարստութիւն դիզող ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու հաշիւները սառեցնելու կոչով նախքան  Քանատայի քաղաքական կողմերու համագործակցութեան դիմելը, պահ մը յիշենք, որ Արցախին անհրաժեշտ են կենսական պաշարներ՝ բանեցնելու հիւանդանոցները եւ կերակրելու անհրաժեշտ սնունդէ զրկուած մանուկները։ Մանուկներ, որոնք քարիւղաբռնապետ Ալիեւի շահագործման տարրերը դարձած են՝ քաղաքական իր օրակարգը պարտադրելու իր իսկ խօսքով ա յսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի», իմա՝ Հայաստանի բնակչութեան:
Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօն կարելիութիւն ունի, զորօրինակ, ԱՄՆ վարչակազմին հետ կազմակերպելու սնունդի օդային մատակարարում , որով կրնայ անյապաղ օգնութիւն հասցնել Արցախի տառապող բնակչութեան։ Ընդամէնը պէտք է բաւարար քաջութիւն ունենալ քարիւղաբռնապետ Ալիեւին դիմակայելու համար: Անոնք, որոնք չեն յիշեր Պերլինի շրջափակումը (այսուհետեւ՝ ՊՇ), ստորեւ տրուած պարզաբանումներով եւ յղումներով կրնան իրազեկ դառնալ անոր եւ Արցախի շրջափակումին (այսուհետեւ՝ ԱՇ) նմանութիւններուն:
(ՊՇ) Ժ. Սթալինը՝ սովետական բռնապետը, ՊՇ-ը ի գործ դրաւ 24 Յունիս 1948-էն  12 Մայիս 1949, կասեցնելով ցամաքային եւ գետային տարանցումը Արեւմտեան Պերլինի եւ Արեւմտեան Գերմանիոյ միջեւ։
(ԱՇ) Արցախի շրջափակումը  ի գործ դրուեցաւ 12 Դեկտեմբեր 2022-էն, ատրպէյճանցի միահեծան բռնակալ Ալիեւի հրամանով, ու տակաւին կը շարունակուի։ Շրջափակումը նախաձեռնած էին Ատրպէյճանի հետախուզական ծառայութեան անմիջական հսկողութեան տակ գործող, «բնապահպաններու» կերպարանքով ծպտուած ատրպէյճանցի ոճրագործներ։
(ՊՇ) Արեւմտեան դաշնակիցները օրին արձագանգեցին Պերլինի շրջափակումին  եւ օդանաւներով ահագին սնունդ մատակարարեցին՝ օգնելու Արեւմտեան Պերլինին։ Վերջինս խորհրդային շրջափակման սկիզբը շուրջ 2 միլիոն բնակիչ ունէր:
(ԱՇ) Արեւմտեան դաշնակիցները, ներառեալ Քանատան, պարզապէս խօսքով դատապարտեցին 120.000  արցախցիներու մարդասիրական ճգնաժամի մատնուիլը եւ յանդգնութիւն չունեցան ասպարէզ կարդալու ատրպէյճանցի բռնապետ Ալիեւին:
(ՊՇ) ԱՄՆ, Մեծ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Քանատա, Աւստրալիա, Նոր Զելանտա եւ Հարաւային Ափրիկէ. մասնակցած էին Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն վերջ իրականացուող ամենամեծ օդային մատակարարումին՝ Արեւմտեան Պերլինի բնակչութիւնը սովէն փրկելու համար:
(ԱՇ) Արցախի շրջափակման սկիզբէն ի վեր, վերոնշեալ երկիրներն ու ՄԱԿ-ը որդեգրած են նոյն անտարբերութիւնը, ինչ որ որդեգրած էին Ռուանտայի Ցեղասպանութեան նկատմամբ։
Ռուանտայի Ցեղասպանութիւնը ծաւալեցաւ Ապրիլ- Յունիս 1994-ին, երբ Արեւմտեան ժողովրդավարական ..երկիրներն ու ՄԱԿ-ը հրաժարեցան միջամտութենէ, հակառակ այն իրողութեան, որ ՄԱԿ-ը զինուորական ներկայութիւն ունէր այնտեղ քանատացի գնդապետ Ռոմէօ Տալլէրի ղեկավարութեամբ: Ռուանտայի կոտորածը դադրեցնելու ՄԱԿ-ի կամեցողութեան բացակայութիւնը ճամբայ հարթեց ցեղասպանութեան, որ խլեց 900.000 մարդու կեանք:
Տարիներ անց՝ 2004-ին, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Քոֆի Անան Ռուանտայի Ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու համար ՄԱԿ-ի գործնական քայլերու բացակայութեան եւ գործուած ոճիրին մեղսակցութեան համար ներողութիւն խնդրելով ըսաւ. «Հարկ էր կանխարգիլել Ռուանտայի Ցեղասպանութիւնը, բայց, ցաւօք, ատիկա տեղի չունեցաւ: Միջազգային հանրութիւնը ձախողեցաւ կանխարգիլել Ռուանտայի Ցեղասպանութիւնը. իրողութիւն մը, որ մեր սրտերը դառն ափսոսանքի ու անվերջ ցաւի զգացումով կը համակէ»:
(ՊՇ) ԱՄՆ-ի շարք մը ռմբաձիգներ, որոնք կենսական պաշար կը մատակարարէին Արեւմտեան Պերլինի գերմանացի բնակչութեան, անուանուեցան «քաղցրաւենիքի ռմբաձիգներ» (candy bombers), պարզապէս այն պատճառով, որ անոնց անձնակազմերը բաւական ցած բարձրութենէ հազարաւոր քաղցրաւենիներ կը նետէին գերմանացի մանուկներուն։ Մանուկներն ու պատանիները անհամբեր կը սպասէին ամերիկեան C-54 Skymasters մակնիշի ռմբաձիգներուն, որոնք շուրջօրեայ առաքումներով կը մատակարարէին կենսական պաշար, ներառեալ մեծաքանակ ածուխ, որպէսզի Խորհրդային շրջափակումին տակ գտնուող բնակչութիւնը ձմրան դաժան ցուրտին տաքնալու կարելիութիւն ունենար:
(ԱՇ) Արցախի մանուկները քաղցրաւենիք չեն սպասեր Արեւմտեան դաշնակիցներէն։ Լուսնոտութեամբ տառապող մանուկները կարիքը ունին մանրէասպան դեղերու, նորածինները՝ յատուկ սննդանիւթերու, որովհետեւ անոնց մայրերը շրջափակման պայմաններուն տակ ի վիճակի չեն կուրծքով կերակրելու իրենց զաւակները։
(ՊՇ) Մինչեւ Խորհրդային Միութեան կողմէ շրջափակումին չեղեալ համարումը, արեւմտեան դաշնակիցները 2.110.480 թոն կենսական պաշար մատակարարած էին Արեւմտեան Պերլինի բնակչութեան:
(ԱՇ) Մինչեւ այս պահը, արեւմտեան ժողովրդավար երկիրներէ որեւէ ցուցմունք չեղաւ գէթ դիտարկելու Ստեփանակերտի օդակայանի օգտագործման կարելիութիւնը՝ օդային մատակարարումներ առաքելու համար: Եւրոպական ողջ ցամաքամասը կեդրոնացած է ատրպէյճանական կազին ու քարիւղին դէպի Եւրոպա անխափան հոսքին վրայ։ Ատրպէյճանցի Ալիեւը նեղացնելը կրնայ լրջօրէն զայրացնել քարիւղաբռնապետը եւ մղել զինք փակելու Եւրոպայի ծորակը:
Խորհրդային դահիճ Սթալինը իրաւունք ունէ՞ր ուրեմն երբ կը հաստատէր թէ. «Մէկ մարդու մահը ողբերգութիւն է, իսկ միլիոններունը՝ վիճակագրական տուեալ»։
Այս պահուն արեւմուտքի առաջնորդներուն պատած է քարիւղաբռնատէր Ալիեւի զայրոյթը դիմակայելու վախը: Ուստի ի՞նչ կրնան ընել իմանալով մէկտեղ, որ երկիրը ղեկավարելու Ալիեւի ամենասիրելի ոճը վայրագութիւնն է, իսկ բարբարոսութիւնը իր գործելաոճն է՝ Հայաստանի ու հայ ազգի հետ առնչուող հարցերու լուծման մէջ: Ալիեւի տրամաբանութեամբ ալ արդէն. «Անհրաժեշտ դեղորայքի չգոյութեան հետեւանքով հայու մը մահը ցաւալի կորուստ է, իսկ 120.000 հայու բնաջնջումը վիճակագրական տուեալ է պարզապէս»։
Անոնք պարզապէս արեւմտեան մեղմաբանութեան ապաւինելով պիտի փոխարինեն «վիճակագրական տուեալ»-ը այսպէս կոչուած «անուղղակի վնաս»-ո՞վ։ Ըստ երեւոյթի Արեւմուտքի առաջնորդներուն համար անհրաժեշտ է մարդասպան Ալիեւի ձեռքը սեղմել Եւրոպայի համար անհրաժեշտ քարիւղի` կազի գործարքը կնքելու համար: Իսկ  120.000  հայերու կորուստը պարզապէս չնչին, «անուղղակի վնաս» է ողջ աշխարհին համար:
Այդուհանդերձ, կարելի է յիշել նաեւ յանդուգն քաղաքական գործիչները, ինչպէս՝ Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօն, եւ  Զօր. Ճորճ Պաթօնը, որ յայտարարած էր թէ. «Վախկոտը այն է, որ թոյլ կու տայ որ իր վախը գերազանցէ իր պարտքի զգացումը»։
Անգլերէնէ թարգմանեց
Զարմիկ Պօղիկեան