Հալէպցիք երբ ,Ճեմարանե ըսեն, Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանին կ’ակնարկեն, հիմնադրուած՝ 1947-ին, խումբ մը տեսլապաշտ հայերու կողմէ:
Տեսիլք ունեցող այդ խումբը կը գլխաւորէր այդ օրերու Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Զարեհ Սրբ. Փայասլեան (հետագային՝ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս):
Իր հիմնադրութեան առաջին տարիներէն իսկ, Ճեմարանը դարձաւ ոչ միայն կրթական օճախ, այլեւ՝ ոգիի հնոց:
Վերջին տարիներուն ճեմարանականներու նկատառելի խումբ մը (թերաւարտ եւ շրջանաւարտ) հաստատուեցաւ Երեւան: Անոնք եկան համալրելու անկախութեան առաջին տարիներէն այստեղ հաստատուած ճեմարանականներու շարքը: Ու վերջապէս, քանի մը շաբաթ առաջ, այստեղ, Երեւանի մէջ, ծնաւ ԱՔԵ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Հայաստանի մասնաճիւղը, որուն առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 18 Յունիս, 2023-ին:
Գրեթէ ամէն մանրամասնութիւն Հալէպ կը յուշէր: Վայրը՝ ,Ժանօե, ճաշացուցակը՝ Ֆուլ եւ շաապիէթ, ներկաները՝ Ճեմարանի տարբեր տարիներու շրջանաւարտներ եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ:
Ողջոյնի հակիրճ խօսք արտասանեց Ժիրայր Կարապետեան, որ նաեւ անդրադարձաւ Ճեմարանի հիմնադրութեան մէջ Զարեհ սրբազանի կարեւոր դերակատարութեան: Ատենապետ Ռաֆֆի Աւետիսեան հակիրճ անդրադարձ մը կատարեց նորակազմ մասնաճիւղի վարչութեան ծրագիրին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ժանօ»-ին, ներկաներուն եւ այս հանդիպման կազմակերպման նպաստած ընկերներուն:
Սրտի խօսքով հանդէս եկան ներկաներէն ոմանք, որոնց շարքին՝ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան:
Ճեմարանականներ Շանթ Դանիէլեան եւ Եղիա Քիլէճեան գեղարուեստական իրենց ելոյթներով հաճելի եւ ջերմ մթնոլորտ ստեղծեցին:
Հալէպը յիշեցնող աւանդական այս հանդիպումի մասնակիցները հեռացան նոր հանդիպումներու խոստումներով եւ յոյսերով:
Ժիրայր Կարապետեան