Շաբաթ, 17 Յունիս 2023-ին, «SALT» բարեսիրական հաստատութեան կազմակերպութեամբ եւ «CBS»-ի ծրագրաւորումով Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ Աստուածաշունչը մատչելի կերպով ուսուցանելու մեթոտները արծարծող եռօրեայ համագումար, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներ։

Բերիոյ Հայոց Թեմին կողմէ համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հալէպի եւ Ծովափնեայ շրջաններէն անդամներ՝ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» կիրակնօրեայ դպրոցի ընդհանուր տեսուչ Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան, Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ եւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին կիրակնօրեայ դպրոցի ընդհանուր տեսուչ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչուհիներ՝ երէցկին Ալին Ժագօ-Շաքարեան, Ազնիւ Նազարեան-Թովմասեան եւ Պեթի Պաղչէճեան-Գույումճեան, ինչպէս նաեւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամ Մարօ Սողոմոնեան, որոնք համագումարէն ստացած շահեկան տեղեկութիւնները ի գործ պիտի դնեն թեմի զանազան ոլորտներէն ներս՝ կիրակնօրեայ դպրոցներու, կանանց, ամուսնական եւ նախամուսնական ծրագիրներով։

Յիշենք, որ Բերիոյ Հայոց Թեմը ներկայացնող մասնակիցները նախապէս տեսակցելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի հետ, իր օրհնութիւնները ստացան եւ իր հայրական յորդորներով գօտեպնդուած մեկնեցան համագումարի։