Փանամայի մէջ 22_25 Յունիսին տեղի պիտի ունենայ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (ԸԵՄՄ / International Union of Socialist Youth) ընդհանուր ժողովը, որուն կը մասնակցին ՀՅԴ Երիտասարդականի անդամ Յասմիկ Պուրուշեան եւ ՀՅԴ-ի կողմէն ԸԵՄՄ-ի փոխնախագահ Սարինէ Աբրահամեան։

ԸԵՄՄ ընդհանուր ժողովը միութեան բարձրագոյն ժողովն է, որ տեղի կ’ունենայ երկու տարին մէկ անգամ, եւ ուր հաշուետուութիւն կը ներկայացուի նախագահութեան կողմէ, կ’ընտրուի նոր նախագահութիւն եւ կը ճշտդուի միջազգային միութեան եւ իր անդամ կազմակերպութիւններու յառաջիկայ ընելիքներն ու ծրագիրները: Ժողովի օրակարգին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Արցախեան հիմնախնդիրը՝ մասնաւորապէս Արցախի շարունակուող շրջափակումը:

Ընդհանուր ժողովին 26_30 Յունիսին պիտի յաջորդէ ԸԵՄՄ -ի ամառային քաղաքական ճամբարը (IUSY Festival), ուր պիտի ըլլան տարբեր ձեւաչափերով քննարկումեր, աշխատանքային խմբակներ եւ առիթ պիտի ստեղծուի իւրաքանչիւր պատուիրարկութեան ներկայացնել իր կազմակերպութինն ու երկիրը:

Ընկերվարական Երիտասարդների Միջազգային Միութիւնը Ընկերվար-Միջազգայնականի ուղեկից երիտասարդական կազմակերպութիւն է, որուն կ’անդամակցին աւելի քան 163 կազմակերպութիւններ՝ աշխարհի շուրջ 110 երկիրներէն։ ՀՅԴ Երիտասարդականը ԸԵՄՄ-ի լիիրաւ անդամ է։