Արցախի շարունակուող խիստ շրջափակման, ուժի կիրարկման եւ ցեղային զտման ահագնացող սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ, երբ Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը, ըստ էութեան, կը գտնուի պատանդի կարգավիճակին մէջ, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապի քաղաքական լուծման ուղիներուն շուրջ իրական երկխօսութեան սկսիլը անիրատեսական է: Այս մասին յայտարարեց Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութիւն հաստատելու փորձերու մասին վերջերս ռուսական շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ անանուն դիւանագիտական աղբիւրներուն յղումով տարածուած աղմկայարոյց հրապարակումներուն առնչութեամբ  18 Յունիսին հրապարակած մեկնաբանութեան մէջ:
Ընդգծելով, որ Արցախը «ամէնէն շահագրգիռ կողմն է շրջանին մէջ կայուն եւ արդար խաղաղութեան հաստատման ուղղուած երկխօսութեան եւ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով Ատրպէյճանի հետ տագնապի համապարփակ լուծում գտնելու հարցին մէջ», նախարարութիւնը կը շարունակէ. «44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք արդէն իսկ եղած են նման շփումներու փորձեր հրատապ շարք մը խնդիրներու լուծման նպատակով: Մասնաւորապէս, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած են քանի մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկուած են մարդասիրական, ենթակառուցուածքային եւ այլ թեքնիք հարցեր՝ ուղղուած մարդոց խաղաղ եւ բնականոն կեանքի համար պայմաններու ապահովման, արձանագրուած են որոշակի արդիւնքներ՝ անհետ կորսուածներու ճակատագիրի բացայայտման եւ զոհուածներու աճիւններու որոնման, կենսական նշանակութեան ենթակառուցուածքներու բնականոն աշխատանքի ապահովման, գիւղատնտեսական աշխատանքներու կազմակերպման եւ այլ հարցերու մէջ: Այս ձեւաչափով վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 1 Մարտ 2023-ին, որուն ընթացքին քննարկուած են Արցախի փոխադրական եւ ուժանիւթի շրջափակման դադրեցման առնչուող հարցեր:
Սակայն, ատրպէյճանական կողմը սկիզբը հրաժարած է կատարել հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, իսկ այնուհետեւ դիմած է տարբեր սադրանքներու եւ նախայարձակ գործողութիւններու՝ հետեւողականօրէն մերժելով նշուած ձեւաչափով հանդիպումները շարունակելու Արցախի Հանրապետութեան բոլոր հետագայ առաջարկները»:
Արցախի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ խաղաղ գործընթացի վերսկսման համար անհրաժեշտ է վերականգնել միջազգայնօրէն ճանչցուած բանակցային ձեւաչափը, «որուն շրջանակներուն մէջ կարելի պիտի ըլլայ բարեխղճութեան, համագործակցութեան եւ կողմերու իրաւահաւասարութեան սկզբունքներուն հիման վրայ քննարկել բոլոր վիճայարոյց հարցերն ու հակասութիւնները», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
«Միեւնոյն ժամանակ այս մեքանիզմը պէտք է ըլլայ ներառական եւ ներկայացուցչական, ինչպէս նաեւ ունենայ համապատասխան կարողութիւններ եւ լիազօրութիւն՝ ապահովելու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ կողմերու ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը», կ’ընդգծէ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը՝ անգամ մը եւս շեշտելով «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան կառոյցի ներուժի եւ փորձի օգտագործման, ինչպէս նաեւ տագնապի խաղաղ լուծման մէջ ներգրաւուած բոլոր հիմնական դերակատարներու արդիւնաւէտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը»: