Ատրպէյճանական կողմը 22 Յունիսին դիմած է հերթական սադրանքին ու յանցաւոր գործողութեան` շաղախէ արգելապատնէշով փակելով Արցախ-Հայաստան միակ ճամբան` Բերձորի միջանցքը: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը:

«Փաստօրէն, ի լրումն ապօրինի անցակէտի եւ զրահամեքենաներու միջոցով ճամբու փակման` Ատրպէյճան այժմ ցուցադրական կերպով կը փակէ ճամբան` բացառելով որեւէ տեղաշարժ, ներառեալ Կարմիր խաչի եւ խաղաղապահներու կողմէ:

«Այս դէպքը անգամ մը եւս կը ցուցադրէ ատրպէյճանական իշխանութիւններու յանցաւոր նպատակները` Արցախի ժողովուրդը ամբողջապէս մեկուսացնել արտաքին աշխարհէն եւ կիրարկել բռնաճնշումներու բոլոր մեթոտները»: