Երկուշաբթի 19 Յունիսին ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆի Կեդրոնական Կոմիտէի հիւրն էր Համազգային Հայ Կրթական Ընկերակցութեան Արցախի Գրասենեակի տնօրէն՝ ընկերուհի Հերմինէ Աւագեան: Հանդիպումին մասնակցած էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան:

Նախորդ Հինգշաբթի ընկերուհին նաեւ մասնակցեցաի շրջանի բոլոր ընկերներուն մասնակցութեամբ զեկուցական հանդիպումին:

Կեդրոնական կոմիտէի հետ հանդիպումը նաեւ առիթ դարձաւ մանրամասնօրէն անդրադառնալու այն մարդկային աննպաստ պայմաններուն, որուն առջեւ կանգնած է այսօր Արցախը Ատրպէյճանական շրջափակումին հետեւանքով:

Հերմինէ Աւագեան շրջանս այցելած է Buy Armenian նախաձեռնութեան հրաւէրով: