Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ 27 Յունիսի ժամը 19:40-ի սահմաններուն մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Մարտակերտի շրջանին ուղղութեամբ ականանետեր կիրարկելով կրկին խախտած են զինադադարը։

Զինադադարի խախտումին մասին իրազեկուած է Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը։

Զինադադարի խախտումէն ետք, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան տարածած այն հաղորդագրութիւնը, թէ իբրեւ թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները 27 Յունիսի ժամը 20։05-ի սահմաններուն մէջ վերոնշեալ ուղղութեամբ կրակ բացած են Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի բռնագրաւուած տարածքներուն վրայ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, որուն հետևանքով իբրեւ թէ վիրաւորուած է ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողը մը, չի համապատասխաներ իրականութեան։

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը աւելցնելով յայտնած է, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը զինադադարը կրկին խախտած են այն հատուածին մէջ, ուր 22 Յունիսին ատրպէյճանական կողմի հրազէնային կրակոցներուն հետեւանքով վիրաւորուած էր Արցախի պաշտպանութեան բանակի պայմանագրային զինուորական ծառայող Մհեր Կամոյի Յակոբեանը։

28 Յունիսին Մարտակերտի և Մարտունիի ուղղութեամբ ատրպէյճանական կրկնուած սադրանքին հետևանքով զոհուած Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինուորներն են՝
Արմօ Աբգարեան,
Սամուէլ Թորոսեան,
Երուանդ Թադէոսեան,
Գագիկ Բալայեան: