22-25 Յունիս 2023-ին Փանամայի մէջ տեղի ունեցած է Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան բարձրագոյն ժողովը: Երկու տարուան պարբերականութեամբ գումարուող ժողովին մասնակցած  են կազմակերպութիւններ շուրջ 70 երկիրներէ՝ 300 պատուիրակներով: Բարձրագոյն ժողովին ղեկավար մարմինը կը ներկայացնէ հաշուետու զեկուցում, կը ճշդուին կազմակերպութեան ապագայ ընելիքները, կ’ընտրուի նոր ղեկավար մարմին: ՀՅԴ Երիտասարդականին կողմէ ժողովին կը մասնակցէին ՀՅԴ Երիտասարդականի անդամ Յասմիկ Բուրուշեանը եւ ՀՅԴ-ի կողմէ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան փոխնախագահ Սարինէ Աբրահամեանը: Ժողովին կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի բանաձեւերու ներկայացումն ու որդեգրումը:
ՀՅԴ Երիտասարդականի ջանքերով Փանամայի մէջ ընդունուած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող եւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղային զտման քաղաքականութիւնը դատապարտող բանաձեւ: Կազմակերպութիւնը կոչ ուղղած է առանց որեւէ նախապայմանի անյապաղ բանալ Լաչինի միջանցքը եւ վերջ դնել Արցախի շրջափակման: Աւելցնենք, որ Թուրքիոյ Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութեան երիտասարդական թեւի լիիրաւ անդամակցութեան դիմումը մերժուած է՝ մասնաւորապէս կազմակերպութեան Հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման, քրտական փոքրամասնութեան իրաւունքներու եւ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն մասին դիրքորոշումներուն պատճառով:
Ժողովի աւարտին կայացած է նոր նախագահութեան ընտրութիւն, որուն հիմամբ ՀՅԴ Երիտասարդականի թեկնածու Սարինէ Աբրահամեան վերընտրուած է Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան փոխնախագահ: Սարինէ Աբրահամեան մեկնաբանելով ընդհանուր ժողովը ըսած է. «Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան նախագահութեան մէջ վերընտրութիւնը պատիւ է եւ պարտաւորեցնող:
Միութիւնը ազդեցիկ հարթակ է մեր ազգային շահերը բարձրացնելու եւ քաղաքական այլ ուժերու հետ կապեր ստեղծելու: Միութեան ընդհանուր ժողովին մէջ ՀՅԴ Երիտասարդականի արձանագրած յաջողութիւնները ուղերձ են առ այն, որ ՀՅԴ Երիտասարդականը բոլոր բնագաւառներուն մէջ կը շարունակէ ազգային խնդիրներու շուրջ պայքարը»:
Յիշեցնենք, որ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը Ընկերվար միջազգայնականի ուղեկից երիտասարդական կազմակերպութիւնն է, որուն կ’անդամակցին աւելի քան 163 կազմակերպութիւններ՝ աշխարհի շուրջ 110 երկիրներէ:
ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան լիիրաւ անդամ է: