«Ատրպէյճանի ֆաշիստական վարչակարգը քաղաքակակիրթ աշխարհի աչքին առջեւ հերթական թշնամական, ահաբեկչական յարձակողապաշտ գործողութիւն իրականացուց Արցախի Հանրապետութեան, Արցախի ժողովուրդին ու համայն հայ ժողովուրդին դէմ», ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց յայտարարեց դաշնակցական գործիչ, ԱԺ պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան։

Ան յիշեցուց, որ հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու համար Արցախի մէջ զոհուած է չորս մարդ, ապա խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել նահատակներուն յիշատակը։

« Ո՛չ այս չորս զինուորները, ո՛չ չորս հազարէն աւելի զոհերը նահատակուած են յանուն ոչինչի։ Անոնք զոհուած են, որպէսզի Արցախը մնայ հայկական, հայերը կարենան ապրիլ իրենց հայրենիքին մէջ, կերտել իրենց պետականութիւնը», ըսած է ան։

Դիմելով ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն՝ օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչը յիշեցուց, որ կազմակերպութեան կանոնադրութիւնը կը հիմնուի Ազգերու ազատ ինքնորոշման սկզբունքին վրայ։

yerkir.am