«Ապառաժ» – 29 Յունիսին՝ ժամը 18:10-ին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրկին խախտած են զինադադարը` հրաձգային զէնքերէ կրակ արձակելով Ճարտար համայնքի դաշտերուն մէջ գիւղատնտեսական աշխատանք կատարող ընկերութեան ուղղութեամբ։

Հայկական կողմէն տուժածներ չկան։

Միաժանակ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը ապատեղեկատուութիւն տարածած է այն մասին, թէ իբրեւ թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները նոյն ուղղութեամբ կրակ բացած են ատրպէյճանական դիրքերու վրայ:

Զինադադարի խախտումին մասին իրազեկուած է Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմին հրամանատարութիւնը։