Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայոնին կանչելու լուրը։

«Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանին խնդրած են պարզաբանումներ տալ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ Ֆրանսայի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան եւ հայկական լոպպիի ներկայացուցիչներուն հետ վերջերս կայացած հանդիպման եւ մամուլի մէջ յայտնուած որոշ բառերու առնչութեամբ, զորս արտասանած է Ֆրանսայի նախագահը տուեալ հանդիպումին ընթացքին։

Դեսպանին տեղեկացուցած են, որ ֆրանսական կողմը պէտք է պարզաբանէ Մաքրոնի անունով եղած յայտարարութիւնները։ Այսպիսով, «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» եւ հայկական լոպպիի ներկայացուցիչները, լրատուամիջոցներուն մէջ Մաքրոնին յղում կատարելով, իրենց յայտարարութիւններուն մէջ նշած են, մասնաւորապէս, որ Քիշնեւի մէջ հանդիպումէն անմիջապէս ետք, Ֆրանսայի նախագահը, հեռաձայնելով իրենց, ըսած է, որ աւելի գործուն եղած է «Ղարաբաղի հարցով», քան Փաշինեան, եւ աւելի պիտի ուժեղացնէ այս աշխուժութիւնը։

Ի պատասխան Պուայոն ըսած է, որ տեղեկութիւն չունի այս յայտարարութեան մասին։ Նշուած է նաեւ, որ ատրպէյճանական կողմը կը սպասէ, որ պաշտօնական Փարիզը հաստատէ կամ հերքէ Էմանուէլ Մաքրոնի անունով տարածուած կարծիքները։ «Իսկ եթէ ​​անոնք հաստատուին, պաշտօնական Պաքուն հաւանաբար դիւանագիտական ​​մակարդակով համապատասխան քայլերու ձեռնարկէ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։