Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած Արցախի շրջափակման 200-րդ օրուան առիթով, Քանատա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան համանախագահներ Ռէյչըլ Թամըս եւ ծերակուտական Լէօ Հուսաքոս հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, ուր կը շեշտուի շրջափակման անյապաղ վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակը։

Սնունդի սուր պակասն ու սակաւութիւնը, վառելանիւթի ու ելեկտրականութեան հասանելիութիւնը, արտերկրի հետ հաղորդակցութեան բացակայութեան հետ միատեղ ստեղծած են սուր ճգնաժամ, կը նշուի հաղորդարգութեան մէջ։

Բնակչութեան ստուար մասը, ներառեալ երեխաներն ու տարեցները, կը գտնուին թերսնման և սովի եզրին: Բժշկական հաստատութիւնները կը պայքարին դեղորայքի պակասին դէմ, իսկ հիւանդանոցներու մէջ վիրահատութիւնները կասեցուած են։ Դպրոցներ եւ ուսումնական հաստատութիւնները կը փակուին, իսկ շատ մը առեւտրական հաստատութիւններ փակուած են ու հազարաւոր քաղաքացիներ մնացած են առանց ապրուստի, կ՚ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։

Հաղորդագրութիւնը կ՚եզրափակուի շեշտելով, որ շրջափակումը խոչընդոտ կը հանդիսանայ բանակցութիւններուն եւ կոչ Կ՚ուղղուի անյապաղ ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը։