«Mediterranean airline» ընկերութիւնը հաղորդեց, որ օրեր առաջ Դամասկոսի Միջազգային Օդակայան ժամանեց Գերմանիոյ «Տոսլտորվ» Օդակայանէն թռիչք առած առաջին օդանաւը, սահմանուած աւելի քան 9 տարուան արգելքէն ետք։

Տեղական աղբիւրներ յայտնեցին, որ իւրաքանչիւր Շաբաթ օր «Տոսլտորվ» օդակայանէն դէպի Դամասկոս թռիչքներ տեղի պիտի ունենան։