Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ ստանձնեց Քամալ Պուշամայի հաւատարմագիրը, որպէս Սուրիոյ Հանրապետութեան մէջ Ալճերիոյ Հանրապետութեան լիազօր դեսպան։ Նախարար Մըքտատ Պուշամայի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց Սուրիոյ եւ Ալճերիոյ տարբեր մակարդակներով խորարմատ յարաբերութիւններու պահպանման կարեւորութիւնը։ Նախարար Մըքտատ անոր փոխանցեց նաեւ Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին շնորհակալութիւնը՝ Սուրիոյ պատերազմի եւ աղէտալի երկրաշարժի շրջաններուն Ալճերիոյ զօրակցական կեցուածքներուն համար, դեսպան Պուշամային մաղթելով յաջողութիւն իր առաքելութեան մէջ։
Իր կարգին դեսպան Պուշամա յայտնեց, որ իր կարելին ի գործ պիտի դնէ երկու երկիրներու յարաբերութեան զարգացման առնչուող Ալճերիոյ ղեկավարութեան ցուցմունքներն ու թելադրանքները գործադրելու։