13 տարուան դադրեցումէն ետք, Չորեքշաբթի, 12 Յուլիս 2023-ին, ընթացք առաւ սուրիական-օմանական կառավարական յանձնախումբին 6-րդ շրջանի միացեալ ժողովը։ Ժողովը սկսաւ Սուրիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Մուհամմէտ Սամիր Խալիլի եւ իր օմանցի պաշտօնակից Մուհամմէտ Սաաիտ Սաքրիի հանդիպումով։ Յանձնախումբերը պիտի ուսումնասիրեն համաձայնագրութիւններ եւ փոխըմբռնումի յուշագրեր, որոնք պիտի ստորագրուին Հինգշաբթի, 13 Յուլիս 2023-ին։