Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը հրապարակեց 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդականի պաքալորիայի պետական քննութիւններուն արդիւնքները՝ տարբեր ճիւղերով։
Սուրիոյ Կրթութեան Նախարար դոկտ. Տարէմ Թապպաա յայտնեց, որ գիտական բաժինին մէջ 33 աշակերտ ստացաւ ամբողջական գնահատանիշ։
Նախարարին համաձայն, գիտական բաժինի յաջողութեան տոկոսը 66,33%-է, իսկ գրականինը՝ 68,68%։