Կիրակի, 16 Յուլիս 2023-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ժողովրդային պալատէն ներս ընդունեց Իրաքի վարչապետ Մուհամէտ Շայաա Սուտանին, որ Սուրիա ժամանեց պաշտօնական պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ։ Վարչապետին նախագահած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Իրաքի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆուատ Հուսէյն, Իրաքի առեւտուրի նախարար Ասիր Սալման եւ միացեալ զինուորական գործողութիւններու փոխղեկավար Քայս Ռհայմէ։
Նախագահ Ասատ Իրաքի վարչապետին հետ խորհրդակցեցաւ երկու երկիրներուն յարաբերութեան եւ առեւտրական փոխանակումներու, փոխադրութեան եւ արդիւնաբերութեան ոլորտներու գործակցութեան զարգացման շուրջ։
Կողմերը խորհրդակցեցան նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջոցներուն եւ քաղաքական կարեւոր հարցերու շուրջ։
Նախագահ Ասատ եւ Իրաքի վարչապետը շեշտեցին, որ Իրաքի Սուրիոյ նեցուկ կանգնիլը մարմնաւորեց երկու երկիրներուն միջեւ պատմական եւ եղբայրական սերտ յարաբերութիւնը։ Անոնք շեշտեցին նաեւ այս յարաբերութեան զարգացման կարեւորութիւնը՝ ժողովրդական եւ պաշտօնական մակարդակներով։
Նախագահ Ասատ դիտել տուաւ, որ սոյն այցելութիւնը առիթ է շինիչ գործակցութիւն յառաջացնելու Սուրիոյ եւ Իրաքի միջեւ։
Իր կարգին Իրաքի վարչապետը շեշտեց, որ Սուրիան յատուկ նշանակութիւն ունի Իրաքի ժողովուրդին համար  եւ ան բարձր կը գնահատէ Սուրիոյ ժողովուրդին պայքարը ահաբեկչութեան դէմ։