1841 թուականին Անգլիոյ մէջ լոյս տեսած վիպաշարքի մը հինգ հատորներուն վերջինն է այս գիրքը, գրուած James Fenimore Cooper-ի կողմէ:
Վէպերուն ժամանակաշրջանը 1740-1745 է, իսկ հերոսը՝ Natty Bumppo, մէկը որ կ’ապրի ԱՄՆ-ի Նիւ Եորք նահանգին մէջ, Otsego լիճին շրջակայքը տեղ մը:
1895 թուականին Mark Twain հեգնական յօդուած մը կը գրէ Ֆէնիմոր Գուբըրի դէմ, ծանրօրէն շեշտելով «Պախրասպան»-ին եւ նախորդ գիրքերուն ձախողութիւնները:
Սակայն John McWilliams կը ջրէ Թուէյնի յօդուածը եւ անոր հեգնանքը նեղմտութեան կը վերագրէ …
Կը տեսնենք, թէ 18-րդ դարու այս ոչ այնքան հռչակաւոր գիրքը ատենին որքան բանավէճի առիթ տուած է: Բայց ինչո՞ւ կ’անդրադառնանք անոր այստեղ, մեր էջին, երբ այնքա՜ն աւելի էական հարցեր ունինք քննարկելիք:
Երբ գիրքի մը կը հանդիպինք, որուն մասին գրեթէ ոչինչ գիտենք, մեր հետաքրքրութիւնը կը սրի, մանաւանդ երբ այդ գիրքը կը կապուի այլ գիրքի մը, այս պարագային՝ «Պախրասպան»-ին: Թէ ի՞նչ ձեւով …
«Տէր Աւետիք Քահանան» գիրքը հրատարակուած է Գէորգ Իփճեանի «Պատանիին Մատենաշարը» շարքով, տպուած Պէյրութ, 1960 թուականին, Սանահին տպարանէն ներս: Գիրքը մաս կը կազմէ «Լիբանանահայ Գիրքը 1894-2012 Մատենագիտական Ցանկ» հատորին:
Գիրքին սկիզբը, տիտղոսաթերթէն առաջ հետեւեալ գրութիւնը կը կարդանք.
«Այս գիրքը յարմարցուած է Հայոց Պատմութեան մէջ յիշուած շրջանի մը, J. Fenimore Cooper-ի The Deerslayer հատորէն, ամբողջական հայացում մը ընելու մտահոգութեամբ: Գ. Ի.»:
Բարեբախտաբար գիրքը կայ մեր ձեռքին տակ. անոր ընթերցումը կը յստակացնէ թարգմանիչին ծրագիրը՝ «Պախրասպանը» գիրքին հետեւութեամբ, նոյն դիպաշարով եւ շատ նման բնութեան մը մէջ փոխադրել վէպը, զայն ոչ թէ թարգմանելով, այլ՝ հայացնելով:
Ատիկա ընելու համար Գ. Իփճեան անշուշտ կը դիմէ պատմութեան եւ «Պատմական Ակնարկ»-ին մէջ կը ներկայացնէ հայոց կացութիւնը իր գրած վիպակի ժամանակաշրջանին.
«Հայաստանի Արցախ, Ուտի եւ Սիւնիք նահանգները, որոնք հիմակուան Ղարաբաղն ու Աղուան պետութեան մէկ մասը կը կազմեն, պարսիկներու Շահ Աբբաս Ա.-ի կարգադրութեամբ հինգ կիսանկախ հայ իշխաններու յանձնուեցան: Այս իշխանները կոչուեցան Մելիքներ: Ասոնցմէ դուրս կային նաեւ ուրիշ գաւառներու վրայ տիրող, սակայն երկրորդական-երրորդական արժէք ներկայացնող հայ մելիքներ»:
«Ղարաբաղի հինգ Մելիքներէն մէկը կը նստէր Գիւլիստան կամ Թալիշ գաւառը, երկրորդը՝ Ջրաբերդ կամ Չարաբերդ, երրորդը՝ Խաչէն, չորրորդը՝ Վարանադա, իսկ հինգերորդը՝ Տիզակ կամ Տուզախ գաւառը»:
«Շահ Աբբասի յաջորդներուն օրով, Էջմիածնի Յակոբ Դ. Ջուղայեցի կաթողիկոսը (1655-1680) Էջմիածինն ու Ղարաբաղի կիսանկախ մելիքութիւնները պարսիկներու լուծէն ազատելու եւ ազգային անկախութիւն բերելու նպատակով, 1678-ին կաթողիկոսարանին մէջ գաղտնի ժողով մը գումարեց, որուն մէջ խորհրդակցութեան առարկայ եղան եւրոպական պետութիւններէն եւ Հռոմի Պապէն օգնութիւն խնդրելու կարելիութիւնները:  Այս ժողովին որոշման համաձայն, Մելիք Իսրայէլ Օրին եւ Կաթողիկոսը պատգամաւորութիւն մը կազմելով ճամբայ ելան դէպի Եւրոպա:
Սակայն երբ Պոլիս հասան, Կաթողիկոսը հիւանդանալով վախճանեցաւ, եւ պատգամաւորութիւնը ետ դարձաւ, բացի
Օրիէն, որ տարի մը շարունակ արկածալից  ճամբորդութիւններ կատարեց, յուսալով որեւէ երկրէ դրական օգնութիւն գտնել: Եւրոպայէն յուսահատ, Օրի, հետը առնելով Տիգրանեանց Մինաս Վարդապետը, անցաւ Ռուսիա: Պետրոս Մեծ Ցարը նոյնպէս իրեն բաւական մեծ եւ դրական յոյսեր ներշնչելէ ետք, ի վերջոյ մերժեց աջակցիլ հայ մելիքներուն ապստամբական շարժումներուն»:
«Մելիքները տեսնելով որ Մեծն Պետրոսէն ալ յոյս չկայ, Ղարաբաղի հարաւային կողմերը, Ղափանի շրջանին մէջ երկու տարիէ ի վեր (1722) մեծ յաջողութիւններով գործող Սիւնեցի Դաւիթ Բեկին միացան եւ ընդհանուր ապստամբութիւն մը յայտարարելով անկախութիւն հռչակեցին»:
«Դաւիթ Բեկի սպայակոյտին գլխաւոր անդամներն էին Մխիթար Սպարապետ, Հալիձորեցի Մելիք Փարսադան, անոր փեսան՝ Տէր Աւետիք Քահանան, Թորոս Իշխան, Բալի զօրավար ու Մելիք Ստեփանոս Շահումեան»:
«Ապստամբութիւնը շատ յաջող անցաւ եւ առաջին անգամ պարսիկներուն վրայ յարձակելով, ետ մղեցին զանոնք: Բայց Դաւիթ Բեկին վարած խումբը Նախիջեւանի մօտ պարտութիւն կրելով, ստիպուեցաւ պահ մը Հալիձորի բերդին մէջ ամրանալ:
Իսկ Ստեփանոս Շահումեան երկու հազար հոգիով Մեղրի քաղաքին առջեւ ջարդուփշուր ըրաւ պարսկական զօրքը, ինչպէս նաեւ միւս զօրավարները սարսափի մատնելով, վանեցին թիւրքմէններն ալ: Եւ սակայն երեք տարի վերջ օսմանցիները վրայ հասան եւ Հալիձորի մէջ պաշարեցին Դաւիթ Բեկը: Տէր Աւետիք քահանան անմիջապէս օգնութեան հասաւ եւ երեք հարիւր հոգիով ջարդեց ցրուեց թշնամին (1727): Ասոր վրայ Դաւիթ Բեկ հաշտուեցաւ պարսիկներուն հետ եւ Շահ Թահմազ Բ.-ի կողմէ Ղարաբաղի ընդհանուր հրամանատար եւ իշխանաց իշխան կարգուելով, տեղի ազդեցիկ մահմետականներն իսկ իրեն հնազանդեցուց: Յետոյ անցաւ Մեղրի եւ Օրդուբադը գրաւելէ ետք, Ագուլիսի մօտակայ Թովմաս Առաքեալին վանքը բանակեցաւ եւ պահանջեց, որ Ագուլիս անձնատուր ըլլայ: Բայց որովհետեւ Ագուլիսի Մելիք Մուսի իշխանը Դաւիթ Բեկի հակառակորդն էր, չուզեց քաղաքը յանձնել եւ իրեն դիմող պատգամաւորը՝ Մելիք Փարսադան գնդակի հարուածով մը սպանել տուաւ: Ուստի Դաւիթ Բեկ դառն կսկիծով հեռացաւ անկէ»:
«Ասոր վրայ շատ չապրեցաւ Դաւիթ Բեկ եւ 1928-ին մեռաւ, իրեն յաջորդ ձգելով Մխիթար սպարապետը, որ սակայն յաջորդութեան պատճառով  իրեն հակառակորդ ունեցաւ իր ընկերներէն Աւետիք Քահանան, որուն մատնութեան պատճառով օսմանցիները վերջնականապէս տիրեցին Ղարաբաղին,1729 թուին: Մխիթար թէեւ Ղափանը ձգելով հիւսիս փախաւ եւ Խնձորեսքի բերդին մէջ հաստատուելով օսմանցիներուն վրայ յարձակեցաւ, բայց շուտով Խնձորեսքի բնակիչներուն դաւաճանութեան զոհ գնաց, 1730-ին»:
«Իսկ Տէր Աւետիք Քահանան, նոյնպէս մոնկոլ-օսմանցիներէն հետապնդուելով, իր կնոջը եւ երկու աղջիկներուն հետ ապաստանեցաւ Դիզափայտի լեռներուն վրայ գտնուող անոյշ ջուրի Փայլուն լիճը, ուր անցուց իր վերջին տարիները»:
Տէր Աւետիք Քահանային վերջին տարիներուն, Փայլուն լիճի ափին անցուցած տարիներուն մասին է այս վիպակը, որուն «Պատմական Ակնարկը» կարդալով կ’անդրադառնանք բարակ եւ կարմիր գիծի մը գոյութեան մեր պատմութեան բոլոր էջերէն անցնող, որ այսօր եւս իր գոյութիւնը կը փորձէ պարտադրել:
Մոնկոլները, օսմանցիներն ու թուրքերը երկու յատկութիւն ունին՝ անոնց թիւը շատ մեծ է եւ անոնք յամառօրէն կը հետապնդեն իրենց նպատակները, որոնց առջեւ մենք, հայերս, գիտակցելով մեր թիւին անհամեմատօրէն փոքր ըլլալուն, կը մտածենք՝ աւելի լաւ չէ՞ պատերազմի փոխարէն համաձայնիլ, հաշտութիւն կնքել եւ խաղաղ ապրիլ … (Պէտք չէ՞ր թիւի այս հարցը վաղուց փորձէինք դարմանել …)
Կը թուի, թէ պատմութեան բոլոր շրջաններուն ալ մոռցած ենք կամ մոռացութեան տուած, թէ «խաղաղութիւն» բառը ի սկզբանէ գոյութիւն չէ ունեցած այդ ցեղերուն համար, եւ եթէ մեր համոզումներուն անսանք, կ’արագացնենք կամ կը դիւրացնենք անոնց նպատակները …
Պատմութիւնը եղած է, որ դասեր քաղենք անկէ. բայց կարծես մենք ուշիմ կամ աշխատասէր աշակերտներ չենք, գոնէ պատմութեան դասերուն մէջ, դժբախտաբար:
Մարուշ Երամեան