Ի՞ՆՉ ԿԱՐԵԼԻ Է ԵՒ Ի՞ՆՉ Կ’ԱՐԳԻԼՈՒԻ ԸՆԵԼ ԱՐԵՒԱՅԻՆ ԱՅՐՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Արդէն  ամառնային արձակուրդը սկսած ենք վայելել: Ճամբորդութիւններու ծրագիրներ կը մշակենք, յատկապէս ծովագնացութիւն եւ բացօդեայ, անտառային պտոյտներ կը կազմակերպենք:
Արդարեւ, ճամբորդութիւններու մեկնելէ առաջ խիստ կարեւոր է իմանալ արեւային այրուածքներէն արդիւնաւէտ ձեւով պաշտպանուելու ձեւերը եւ այրուածքներու պարագային առաջին բուժօգնութեան կանոնները:
Արեւային այրուածքը մաշկին վնասուիլն է անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու ուղղակի ազդեցութեան հետեւանքով:
Արեւային այրուածքի նշաններն են.
-Մաշկի կարմրութիւն
-Կարմիր բշտիկներու յայտնաբերում
Ինչպէ՞ս զերծ մնալ արեւային այրուածքներէն
1. Խուսափիլ արեւուն ուղիղ ճառագայթներէն  առաւօտեան 10:00-էն յետմիջօրէի 16:00-ի մէջ գտնուող ժամանակահատուածին: Յատկապէս այս շրջանին արեւուն ճառագայթները վտանգաւոր են:
2. Տաք օդին կրել լայնեզր գլխարկ եւ չմոռնալ արեւապաշտպան ակնոցները:
3. Հետազօտութիւնները պարզած են, որ տաք oրերուն նախապատուութիւնը պէտք է տալ մուգ կապոյտ հագուստին, որովհետեւ այդ գոյնն է, որ առաւելագոյնս կը պաշտպանէ մաշկը արեւուն ճառագայթներուն վնասակար ազդեցութենէն:
4. Այրուածքներու եւ մաշկի քաղցկեղի կանխարգելման կը նպաստեն SPF եւ PPD նշումներով արեւապաշտպան քսուկները՝ պաշտպանութեան գործօնի 30 կամ 50 աստիճանով:
Ի՞նչ ընել արեւային այրուածքներ ունենալու պարագային
Խուսափեցէ՛ք այրուածքի մակերեսին սառոյց տեղադրելէ:
Այրուածքին բուսաիւղ եւ սեր մի՛ քսէք:
Այրուածքի մակերեսին խոնաւ եւ բարակ հականեխուած կտոր դրէ՛ք:
Օգտագործեցէ՛ք այրուածքի յատուկ հակաբորբոքային դեղեր, որոնք կը նուազեցնեն կարմըրութեան աստիճանը:
Անհրաժեշտութեան պարագային դիմեցէ՛ք բժիշկին:
Բարի արձակուրդ կը մաղթենք ձեզի:
Ինչպէ՞ս Դիմանալ Ամրան Տաք Ջերմաստիճանին
Ամրան տաք եղանակը կրնայ յանգեցնել նաեւ մարմինի ջրազրկումին եւ արեւահարութեան:
Ջրազրկումի կրնան ենթակայ ըլլալ բոլոր տարիքի մարդիկ, յատկապէս՝ մանուկներն ու  տարեցները:
Հարկ է դիմել հետեւեալ նախազգուշական քայլերուն՝ ձեր մարմինը զերծ պահելու տաքին հետեւանքով յառաջացող ջրազրկումէն.
1-Ջրազրկումը կանխելու լաւագոյն տարբերակը օրուան ընթացքին շատ ջուր խմելն է: Ջուրին կրնաք աւելցնել կիտրոնի շերտ մը, թարմ անանուխի տերեւներ… Հրաժարեցէ՛ք քաղցր եւ շատ պաղ կազային ըմպելիքներէն:
2- Ամրան եղանակին կրեցէք բաց գոյնով, թեթեւ հագուստներ: Հրաժարեցէ՛ք կպչուն կտորներէն եւ նախապատուութիւնը տուէ՛ք բամպակեայ, լայն տարբերակներուն:
3-Պաշտպանուեցէ՛ք արեւուն ուղիղ ճառագայթներէն: Ջանացէ՛ք կէսօրուան ժամերուն դուրս չելլել, իսկ եթէ այլ տարբերակ չունիք, գլխարկ ու ակնոց կրեցէ՛ք եւ արեւապաշտպան քսուկներ օգտագործածեցէ՛ք:
4-Խուսափեցէ՛ք միզամուղներէն: Միզամուղ դեղերն ու մթերքները կը նպաստեն մարմնի հեղուկի կորուստին: Չափաւոր ձեւով օգտագործեցէ՛ք սուրճը, կազային ըմպելիքները եւ այլն…
5- Առատօրէն կերէ՛ք պտուղի եւ բանջարեղէնի տեսականի: Ձմերուկը, վարունգը, լոլիկը, հազարը, խաղողի հիւթը միքրոտարրեր պարունակող մթերքներ են: Հետեւաբար առատօրէն սպառեցէ՛ք զանոնք, իսկ կծու, իւղոտ եւ առատօրէն համեմուած ուտեստները չափաւորեցէ՛ք:
6- Հրաժարեցէ՛ք երկար եւ ծանր մարզումներէն, որոնք քրտնարտադրութիւն կը պատճառեն, ինչ որ իր կարգին ջրազրկումի պատճառ է: Ձեզի հետ շիշով ջուր ունեցէ՛ք, որպէսզի մարզումէն առաջ, ընթացքին եւ յետոյ քիչ քիչ խմէք: