Յունիս ամսուն, Վարշավայի նախագահական պալատին մէջ դոկտ. Արա Սայեղ ստացաւ փրոֆեսէօրի կոչումի անհատական պատիւը` նախագահ Անտժէյ Տուտայի կողմէն, համաձայն Ակադեմական աստիճաններու եւ գիտական կոչումներու մասին օրէնքի 25-րդ հատուածին, որ կ՛ըսէ, թէ Լեհաստանի Հանրապետութեան նախագահն է, որ փրոֆեսէօրի կոչումներ կը շնորհէ բարձրագոյն կրթութեան ակադեմական գիտական գիտաշխատողներուն, համալսարաններու դասախօսներուն, արուեստի եւ այլ գիտութիւններու ոլորտի գիտաշխատողներուն:
Կոչումը ստանալու համար դիմումը կը ներկայացուի գիտական աստիճաններու եւ կոչումներու Լեհաստանի Բարձրագոյն Կրթութեան Նախարարութեան մէջ գործող Կեդրոնական Կոմիտէին:
Թեկնածուներու իրականացուցած գիտական նուաճումներու քննարկումներէ ետք, գիտական կոչումներու քննարկումի յանձնախումբերու բազմափուլ ստուգման եւ արժեւորումի հայեցակարգի գործընթացը աւարտելով, դրական վաւերագրուած դատումները կը յղուին նախագահին: Իսկ փրոֆեսէօրի կոչում շնորհելու որոշումը կը կայացուի Լեհաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով:
Աւելցնենք, որ Արա Սայեղ փրոֆեսէօրի այս տիտղոսը ստացած է 14 Յունուար 2021-ին` Լեհաստանի նախագահի Անտժէյ Տուտայի հրամանագիրով, սակայն «Քորոնա» համաճարակի սահմանափակումներուն հետեւանքով, հրամանագիրին պաշտօնական յանձնումը տեղի ունեցաւ այս տարի` Յունիսին:
Յիշենք նաեւ, որ նախկին հալէպահայ Արա Սայեղի փրոֆեսէօրի տիտղոսը Լեհաստանի չափանիշներով իր ստացած երկրորդ կոչումն է: Առաջին անգամ այդ կոչումը ստացած էր Յունուար 2006-ին` Սուրիոյ Բարձրագոյն Կրթութեան Նախարարութեան կողմէ` Հալէպի համալսարանի մէջ իր երկարամեայ գիտական նուաճումներուն շնորհիւ: