Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի ողջունելի նախաձեռնութեան քրպէս արդիւնք, վաղը եւ միւս օր տեղւոյն ժամը 12:00-ին պիտի ղօղանջեն հայոց եկեղեցիներուն զանգերը՝ ի աջակցութիւն Արցախի մեր շրջափակուած քոյր-եղբայրներուն։

Այս մասին իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է իրանագէտ Տիգրան Տաւուտեան՝ յղում տալով Իրանի մէջ լոյս տեսնող «Ալիք» թերթը։

«Իրանի պայմաններուն մէջ սա յարմար կարելիութիւն է իրանցի բարեկամ ժողովուրդին մօտ մեր հարցերը բարձրաձայնելու համար», գրած է իրանագէտը։