2022-2023 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, քուէթաբնակ հալէպահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեան նախորդ տարիներուն նման «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակով պիտի պարգեւատրէ պաքալորիայի պետական լրացուցիչ քննութիւններուն Հալէպահայ վարժարաններու առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահովող հայ աշակերտները:

Բարերարը կը շնորհաւորէ հալէպահայ վարժարաններու 12-րդ կարգի հայ աշակերտներուն յաջողութիւնը, ցանկալով, որ անոնք աշխատասիրութեամբ եւ մրցակցութեան առողջ ոգիով ամբողջացնեն քննութեանց երկրորդ փուլը եւ արժանանան «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակին՝ ուղղուելով դէպի բարձրագոյն ուսում, փայլուն ապագայ։