Ամերիկահայեր, որպէս աջակցութիւն Արցախի, շրջափակած են ԱՄՆ-ի Ատրպէյճանի հիւպատոսարանի շէնքը։ Անոնք կը պահանջեն բանալ Լաչինի միջանցքը։
Ցուցարարները բարձրազուցած են Արցախի դրօշը, երգած՝ հայրենասիրական երգեր։

Նախորդ շաբաթ անոնք նստացոյց կազմակերպած էին քոնկրեսական Ատամ Շիֆի գրասենեակին մօտ։ Անոնք կը պահանջէին, որ Շիֆ անձամբ այցելէ միջանցք եւ տեղւոյն իրավիճակը ներկայացնէ քոնկրէսին մէջ։

Ատամ Շիֆ հանդիպած էր ցուցարարներուն եւ յայտնած, որ ճգնաժամը ներկայացնող նամակ պիտի գրէ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին։