Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանի դիմատետրի էջին վրայ կատարած գրառումին համաձայն, ատրպէյճանական կողմը Արցախի քաղաքացի առեւանգած է։
«Երբ Ատրպէյճան իբրեւ թէ կոչ ուղղած է յարգելու գոնէ Միջազգային Կարմիր Խաչի Կոմիտէի (այսուհետեւ՝ ՄԿԽԿ) առաքելութիւնը, այսօր ՄԿԽԿ միջոցով բուժման նպատակով Հայաստանի Հանրապետութեան հիւանանոցներ տեղափոխուող հիւանդներէն Ատրպէյճանի կողմէ առեւանգուած է Արցախի 68-ամեայ մէկ քաղաքացին եւ անցակէտէն տեղափոխուած է այլ վայր։ ՄԿԽԿ ներկայացուցիչը կը գտնուի քաղաքացիին մօտ, սակայն բանակցութիւնները տակաւին որևէ արդիւնք չեն տուած, կը սպասենք նոր տեղեկութիւններու։ Նոյն երթով ՀՀ տեղափոխուող մեր քաղաքացիները Գորիս քաղաքէն ներկայացած ՄԿԽԿ ներկայացուցիչին ուղեկցութեամբ տեղափոխած են Գորիսի հիւանդանոց, իսկ Հայաստանի մէջ բուժուած քաղաքացիները Արցախ վերադարձնելու երթը չեղեալ համարուած է։ Յատկանշական է, որ Ատրպէյճան մշտապէս ամէն ձեւով փորձած է խոչընդոտել նոյնիսկ ՄԿԽԿ-ի միջոցով հիւանդները Հայաստան տեղափոխելու գործընթացը եւ ամէն անգամ նոր պայմաններ կը ներկայացնէ կոմիտէին, իսկ այս մէկ այլ քայլ է՝ մարդոց մօտ ձեւաւորելու նոյնիսկ բուժման նպատակով Լաչինի միջանցքէն անցնելու մտավախութիւն։ Ահա ասոնք են Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու եւ Արցախը Ատրպէյճան կոչելու Հայաստանի իշխանութիւններուն, Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ արդէն ամիսներ տեւող յանցագործութիւնները անբաւարար չափով դատապարտելու եւ գրեթէ անգործութիւն ցուցաբերող միջազգային հանրութեան վարքագիծին օրէ օր ահագնացող հետեւանքները, որոնք ամէն գնով պէտք է կանխուին։ Հա՛յ ժողովուրդ, դարձեալ ու դարձեալ կը գոչեմ, արթնցէ՛ք, դէ՛մ դրէք այս ամէնուն»։