Երկուշաբթի, 31 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի այցելութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետը դեսպանը տեղեակ պահեց միջ-եկեղեցական աշխարհին ճամբով, յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (ԵՀԽ) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (ՄԱԵԽ), Արցախի գծով կատարուելիք յայտարարութիւններուն մասին։ Դեսպանը, իր կարգին, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Նորին Սրբութեան Հայաստանի ու յատկապէս Արցախի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին։