ՄԱԶԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ

Յաճախ մեզ կը յուշեն, որ մազերը բնական ձեւով չորցնելը, առանց ելեկտրական վարսայարդարիչի, աւելի առողջապահական է, որպէսզի մազերը չվնասուին կամ չգունաթափին ելեկտրական գործիքներու ա

զդեցութեան հետեւանքով: Մասնագէտներու կարծիքով, սակայն, այս տեղեկութիւնը հարիւր առ հարիւր իրականութեան չի համապատասխաներ: Մասնագէտներ կը պարզեն, որ մազերը բնականօրէն չորցնելը եւս կրնայ վնաս պատճառել, եթէ սխալներ թոյլ տանք:
Օրինակ. եթէ կը  մտածէք որ երեկոյեան մազերը լուալն ու թողուլը որ մինչեւ առաւօտ չորնան՝ բնական ու առողջապահական միջոց է, չարաչար կը սխալիք: Ցաւօք, մազերը երկար ատեն թաց պահելը կամ խոնաւ մազերու վրայ քնանալը կրնայ յառաջացնել «հիգրըլ յոգնածութիւն» կոչուած ախտը, որ պատճառ կը դառնայ մազերու տկարացման եւ մակերեսը կը դարձնէ չոր ու կտրտուելու ընդունակ:
Մասնագէտներու համաձայն, եթէ բնական միջոցներով պիտի չորցնէք ձեր մազերը, նախ աշխուժօրէն թօթուեցէ՛ք զանոնք՝ վեր-վար շարժելով, որպէսզի ջուրը դուրս գայ ձեր մազերէն: Ապա օգտագործեցէ՛ք փափուկ, բամպակեայ անձեռոցներ, որովհետեւ կարծր անձեռոցներն ալ կրնան վնաս հասցնել մազերուն: Չորցուցէ՛ք զանոնք մեղմօրէն շփելով մինչեւ որ վերջնականապէս ցամքին, ետքը արեւուն տակ պահեցէ՛ք զանոնք քանի մը վայրկեան:
Աւելի կարեւոր է, սակայն, մազերու փափկացման ու սնուցման յատուկ շիջուկներու կամ սնուցանող իւղերու օգտագործումը: Նման իւղեր կրնաք ապահովել գեղագիտական արտադրութիւններ վաճառող կեդրոններէ: Հարկ է լոգանքի ընթացքին, շամբույի օգտագործումէն վերջ, յատուկ իւղով կամ շիջուկով ծեփել մազերը եւ թողուլ այդ վիճակին մէջ շուրջ 5 վայրկեան, ապա լուալ գաղջ ջուրով, որպէսզի իւղին պարունակած բոլոր կենսանիւթերը տարածուին ու հասնին ձեր մաշկին ու մազերու արմատներուն:
Այնուհետեւ եթէ պիտի օգտագործէք ելեկտրական վարսայարդարիչը, պահեցէ՛ք զայն ցած ջերմութեան վրայ, այնքան ատեն որ ձեր մազերը թաց են եւ զգուշութեամբ, աստիճանաբար բարձրացուցէ՛ք ջերմաստիճանը, մինչեւ որ մազերը վերջնականապէս չորնան: Մասնագէտներու համաձայն, ձեր մազերը առողջ պահելու համար երկար ատեն թաց մի՛ պահէք զանոնք, այլ կարելի եղածին չափ արագ չորցուցէ՛ք, քանի որ մազերը չոր վիճակի մէջ աւելի զօրաւոր ու դիմացկուն կ’ըլլան:

6 ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԽՈՐՀՈՒՐԴ՝ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴԻՄԱՅԱՐԴԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Անկասկած ամրան տաքն ու խոնաւութիւնը յաճախ կը խանգարեն ձեր դիմայարդարումը: Մաշկը կը քրտնի ու պատճառ կը դառնայ, որ օգտագործուած ներկերը հոսին ու տգեղ տեսք տան ձեր դէմքին:
Ամրան ամբողջ օրուան ընթացքին ձեր դիմայարդարումը թարմ պահելու համար կը ներկայացնենք հետեւեալ առաջարկները.
1- Օգտագործեցէ՛ք մաշկը խոնաւ պահող քսուկներ (primer):
2- Հիմնական քսուկները դնելէ ետք անպայման օգտագործեցէ՛ք «փաուտըր»-ը՝ փոշին, որպէսզի ձեր մորթը չքրտնի եւ քսուկները լաւ կպչին մաշկին: Ձեր պայուսակին մէջ պահեցէ՛ք զայն, որպէսզի յաճախ դէմքի ամէնէն շատ քրտնող բաժինները «փաուտըր»-ով ցամքեցնէք:
3- Ընտրեցէ՛ք թեթեւ թանձրութեամբ եւ փայլք չունեցող հիմնական քսուկներ, որպէսզի ձեր դէմքը արեւուն տակ փայլելով քրտնած ըլլալու երեւոյթ չստանայ:
4- Օգտագործեցէ՛ք թարթիչներու անջրանցիկ ներկի տեսակներ (մասքարա):
5- Օգտագործեցէ՛ք բաց գոյնով շրթնաներկեր:
6- Այտերուն գոյն հաղորդեցէ՛ք փոշի կամ քրեմային ներկերով: Նախընտրելի է ձեր շրթնաներկին կամ անոր գոյնին նմանող քրեմային ներկով ներկել դէմքին ցցուն բաժինները եւ ներկը տարածել դէմքի երկու կողմերու ոսկորներուն վրայ, ապա աւելցնել փոշի, աւելի բաց գոյնով ներկը՝ այտերուն յաւելեալ գեղեցկութիւն ու թարմութիւն հաղորդելու համար: