ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ
Դրախտէն արտաքսուելէն ետք, քանի որ մարդը իշխան էր կարգուած ամբողջ երկրի վրայ, ուստի անոր անիծուելով՝ կ’անիծուի նաեւ իր ամբողջ իշխանութիւնը, այսինքն ամբողջ երկիրը՝ իր կենդանիներով ու բոյսերով հանդերձ: Իսկ երբ Միածին Որդիին գալուստով կրկին կ’օրհնուի մարդկային բնութիւնը, վերստին կ’օրհնուին նաեւ բոլոր արարածները:
Սակայն բոլոր պտուղներէն աւելի կ’օրհնուի խաղողի ողկոյզը, քանի որ Տէրը խաղողի որթը, ամենազօրաւոր ծառերէն աւելի վեր բարձրացուց եւ պատուեց աւելի քան միւս տնկիները՝ Իրեն Խաղողի որթ անուանելով՝ «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը» (Յհ 11.1): Իսկ Տիրոջ սիրով կապուածներուն ճիւղեր անուանեց եւ Հօրը՝ Մշակ, որպէսզի Հայրը յօտելով որթատունկը՝ այն պտղաբեր դարձնէ, իսկ յօտուած ճիւղերը յաւիտենական կրակի նիւթ դարձնէ: Այնուհետեւ գինին՝ խաղողի արիւնը, Միածին Որդին Իր փրկական Արեան նիւթը ըրաւ եւ Վերնատան մէջ օրհնեց՝ ըսելով. «Սա է Նոր ուխտի Իմ Արիւնը» (Մտ 26.28), որով մենք ազատեցանք մեղքերու ծառայութենէն ու մահէն:
Այդպիսով խաղողը կրկնակի օրհնութեան արժանացաւ՝ օրհնուելով ե՛ւ առաջին արարչութեան ժամանակ, ե՛ւ երկրորդ, եւ ամէն տարի որպէս մեր հանդերու ու այգիներու երախայրիք կը նուիրենք Աստուծոյ:
Այդ պատճառով ալ սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, պատարագէն ետք, կը կատարուի Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, որուն ժամանակ սարկաւագի քարոզով կը գոհանանք բարերար Աստուծմէ, մեզ առատապէս պարգեւած՝ հանդերու ու այգիներու բերքին համար եւ կը խնդրենք, որ Ան օրհնէ տաճարին ընծայուած խաղողները Իր սկզբնական օրհնութեամբ: Միաժամանակ կը դիմենք սուրբ Աստուածածնայ բարեխօսութեան, որուն միջոցով մեզի տրուեցաւ կեանքի եւ անմահութեան Պտուղը՝ Յիսուս Քրիստոսը:
ԽԱՂՈՂԻՆ ՕԳՏԱԿԱՐ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Խաղողը հարուստ է օգտակար տարրերով` C, E, P, B կենսանիւթերով, նաեւ կը պարունակէ զէնք, պղինձ, երկաթ, կիր, փոթասիոմ, մակնիզիում, մանկանէզ, պոր, եոտ եւ այլն: Ջերմուժը ըստ խաղողի տեսակին կը տարբերի. որքան քաղցր է խաղողը, այնքան բարձր է ջերմուժը:
Խաղողը իր հարուստ բաղադրակազմին շնորհիւ օգտակար է առողջութեան: Անոր մէջ գտնուող մանրաթելերը կը պայքարին քաղցկեղածին բջիջներու դէմ, կը դանդաղեցնեն ծերացման գործընթացը:
Խաղողը կը նպաստէ դիմադրողական համակարգի ամրացման, կը բարելաւէ ստամոքսաղիքային համակարգի աշխատանքը, կը նուազեցնէ ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղի առաջացման հաւանականութիւնը, նաեւ դրականօրէն կ’ազդէ միզասեռական համակարգի առողջութեան:
Խաղողը կը յագեցնէ մանուկներուն մարմինը կենսանիւթերով, որոնք կարեւոր են դիմադրողական համակարգին, տեսողութեան, ջղային համակարգին համար:
Այնուամենայնիւ, պէտք է յիշել, որ խաղողը կը պարունակէ մեծ քանակով շաքար, հետեւաբար ալ վնասակար է անօթներու պատերուն:
Խաղողի օգտագործումը պէտք է սահմանափակեն շաքարախտէ տառապողները, նաեւ նիհարնալ փափաքողները: