Ս. Աստուածածինի Վերափոխման եւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօներուն, Կիրակի, 6 Օգոստոս 2023-ի առաւօտուն, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ կոնդակով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի ձեռամբ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան՝ ծաղկեայ փիլոն կրելու պատիւին արժանացաւ:

Ընթերցուեցաւ հայրապետական կոնդակը, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր խնդրանքին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանին կը շնորհէ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն, որ խթան պիտի հանդիսանայ առաւել նուիրումով շարունակելու իր քահանայական ծառայութիւնը հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։ Ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին հայրապետական կոնդակը: Ապա, Քահանայ Հայրը ծունկի գալով Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ ստացաւ ծաղկեայ փիլոնն ու իրեն ուղղուած հայրապետական սրբատառ կոնդակը:

Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Քահանայ Հօր աւելի քան քսան տարիներու քահանայական անշահախնդիր եւ անձնուրաց ծառայութեան, յիշելով նաեւ Երեսփոխանական Ժողովէն ներս եւ որպէս ուսուցիչ եւ կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ անոր անսակարկ նուիրումը, իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ շնորհաւորեց Քահանայ Հայրը, մաղթելով, որ վերանորոգ թափով շարունակէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը:
Պատարագէն ետք, «Սուրէնեան» դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում, ներկայութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան անդամ Մանուէլ Տէր Մանուէլեանի, Թեմի Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչին, Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետին, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ անոր ատենապետ Ճորճ Գոզանեանին:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կրկին անգամ շնորհաւորեց Քահանայ Հայրը, ծաղկեայ փիլոն կրելու պատիւին արժանանալուն առիթով, անոր մաղթելով քաջառողջութիւն եւ ծաղկուն ծառայութիւն: