Հալէպի մէջ աւանդաբար Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին նախորդող Կիրակի օրը, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ Աստուածամօր Վերափոխման տօնը կը յիշատակուի եւ Խաղողօրհնէք կը կատարուի:
Արդարեւ, Կիրակի, 6 Օգոստոս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց, ներկայութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան անդամ Մանուէլ Տէր Մանուէլեանի, ազգայիններու, Հալէպի եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներու եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու:
«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեան ներքոյ, թափօր կազմած Սրբազան Հայրը մուտք գործեց եկեղեցի։ Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան: Օրուան խորհուրդին համահունչ հնչեցին Ս. Աստուածածինին նուիրուած շարականներ, եկեղեցւոյ դպրաց դասին հոգեպարար կատարողութեամբ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւն կատարեց, օրհնելով խաղողի ողկոյզները:
Այնուհետեւ, ընթերցուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ կոնդակը, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր խնդրանքին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանին կը շնորհէ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն, որ խթան պիտի հանդիսանայ առաւել նուիրումով շարունակելու քահանայական իր ծառայութիւնը հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժողովուրդին ուղղեց իր հայրական պատգամը, բնաբան ունենալով օրուան շարականի բառերը. «Այսօր եկեղեցւոյ զաւակներն ալ երկրի վրայ ուրախութեամբ կը տօնեն Կոյսին վերին Երուսաղէմ քաղաք փոխադրուիլը»:
Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը ցնծութեան տօն է մեզի համար, որովհետեւ Վերափոխման դէպքին մէջ պարփակուած կը գտնենք մարմնաւոր մահէն ետք կեանքի շարունակականութեան իրողութիւնը, այլ խօսքով Յաւիտենական Կեանքի ապացոյցը, որ Քրիստոս խոստացաւ տալ բոլոր Իրեն հաւատացողներուն: Աւելին, Սրբազան Հայրը Վերափոխման տօնին ընդմէջէն անհրաժեշտ նկատեց մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Աստուածամօր անձին վրայ, որ իր նկարագիրով եւ վարքով մեծագոյն օրհնութիւնը եւ բարիքը դարձաւ եւ նոր հունաւորում, գոյն եւ որակ տուաւ մարդկային կեանքին:

Մակար Սրբազան Ս. Կոյս Մարիամը բնորոշող երեք կարեւոր կէտեր մատնանշեց.-
Ա. Քաղցրահամ պտուղը իր որովայնին մէջ կրեց եւ զայն մարդկութեան հայթայթեց:
Բ. Անմահական եւ կենսատու հացը ընդունելով զայն մատակարարեց մարդկութեան:
Գ. Կեանքի լոյսը բովանդակեց եւ ի ներքուստ ճառագայթեց զայն:
Այլ խօսքով, Ս. Կոյս Մարիամ դարձաւ իմանալի լոյս եւ իմանալի Արեւելք, դառնալով Արդարութեան Արեգակին բնակավայրը:
Սրբազան Հայրը ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցեց հայ ժողովուրդին, ընտանիքներուն, սուրիական հայրենիքին, անոր Վսեմաշուք Նախագահին եւ բանակին, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բարօրութեան համար:
Մակար Սրբազան շնորհաւորեց Մարիամ եւ անոր հոմանիշ անուններ կրող հայորդիները, բոլորին մաղթելով առողջ եւ արեւշատ տարիներ:
Պատարագէն ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Աւարտին, Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր «Կիլիկիա» մաղթերգը երգուեցաւ:
Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, Թեմի Ազգ. Կրօնական Ժողովը պատրաստած էր Աստուածամօր պատկերով եւ աղօթքով բացիկներ, որոնք Հալէպի եկեղեցիներուն մէջ բաժնուեցան հաւատացեալ ժողովուրդին։
Ինչպէս նաեւ, եկեղեցւոյ Տիկնաց յանձնախումբը օրհնուած խաղողի ողկոյզներ բաժնեց ժողովուրդի զաւակներուն: