Արեւելքի գրեթէ բոլոր հին քաղաքները այս շուկաներէն ունին, Համիտիէ՝ Դամասկոսի մէջ, Խան Խալիլ՝ Գահիրէի մէջ, իսկ Հալէպի մէջ՝ Ներսի շուկայ, Բերդին անմիջական հարեւանութեամբ:

Ներսի շուկայ, մութ շուկայ, գոց շուկայ … Պաշտօնական անունը սակայն՝ Քաղաքի շուկայ (սու’ ըլ մըտինէ), հին քաղաքի շուկան: Ինծի համար՝ մի՛շտ Ներսի շուկայ:

Բազմաթիւ մուտքերէն ինծի ծանօթ են կիներու շուկային մուտքը, համեմներու շուկային մուտքը, քաղցրեղէնի շուկային մուտքը եւ բուրդի շուկային մուտքը, որ Բերդին դիմացէն է: Մնացեալ մուտքերը դէպի Բերդ գացող ճամբուն վրայ են:
Առիթ չէի փախցներ հոն երթալու, որովհետեւ բաղնիք երթալու նման, Ներսի շուկայ երթալն ալ քեզ կը հանէ առօրեայիդ հոգերէն եւ պահ մը քեզի կը պարգեւէ քու քաղաքիդ մէջ զբօսաշրջիկ ըլլալու պերճանքը, բազում անգամ տեսածներդ նոր նայուածքով դիտելու ուրախութիւնը, մանաւանդ՝ նորութիւններ տեսնելու երջանկութիւնը, որովհետեւ որքան ալ տեսած ըլլաս դարպասներուն նախշերը կամ պատի մը վրայի արձանագրութիւնը, մի՛շտ ալ նոր մանրամասնութիւն մը կրնաս գտնել հոն:

Թաքսիով կը հասնիմ Եօթ ծովակներու հրապարակը (Սապաա Պահրաթ) եւ հոն ալ կ’իջնեմ. Շուկան հոնկէ հեռու չէ՝ կէս քիլոմեթր եւ քիչ մը աւելի, բայց կը նախընտրեմ քալել, որովհետեւ ճամբուս վրայ ինչե՜ր կան:

Նախ այդ ճամբուն ճիշդ դէմը Ումայյատ մզկիթն է, որուն մինարէն քառակուսի է, հակառակ իսլամական ընդունուած սովորութեան:

Կ’ըսուի թէ շատ հին՝ հելլենիստական շրջանին այստեղ գտնուեր է ակօրան՝ քաղաքին գլխաւոր հրապարակը, ապա, հռոմէական շրջանին այստեղ եղած են Սուրբ Հեղինէ եկեղեցւոյ պարտէզն ու գերեզմանատունը:
Ուրեմն քառակուսի մինարէն փաստօրէն Սուրբ Հեղինէ եկեղեցւոյ զանգակատունը եղեր է:

Կ’ըսուի նաեւ, որ այս մզկիթին մէջ կը պահուին Յովհաննէս Մկրտիչի հօր՝ Զաքարիայի աճիւնները, որոնց համար մզկիթը նաեւ ուխտատեղի կը համարուի:

Կը դիտեմ նուրբ զարդանախշերը, յետոյ կը դիտեմ վերջերը մշակուած գեղեցիկ պարտէզները, գոյն-գոյն ծաղիկներով: Անմիջապէս քովը ներսի շուկային կիներու մուտքն է, բայց դեռ չեմ մտներ: Կը շարունակեմ ճամբաս, անգամ մը եւս վայելելու համար Պիստակի մզկիթը (Ճամէ’ ըլ Ֆըստո’) իր շատ գեղեցիկ մեղրախորիսխ կամարով (մոքարնասաթ) եւ կողքին՝ Խան ալ-Ուազիրի շքեղ մուտքը:

Աջին Պարսկական խոհանոցն է (Ալ մաթպախ ալ-Աճամի), Այյուպիներու մէկ պալատը, կառուցուած Աճամի ընտանիքին կողմէ, 13-րդ դարուն:

Կը դիտեմ հաճոյքով եւ կ’որոշեմ օր մը ժամանակ տրամադրել եւ այս երկու կառոյցները այցելել. յետոյ կը յիշեմ, որ տակաւին բաց չեն այցելուներու համար, նորոգութիւնները աւարտած չըլլալուն:

Արդէն շատ մօտ եմ Բերդին. յստակօրէն կ’երեւին անոր կողերուն անձրեւաջուրի խորունկ հետքերը, կարծես հաստատելով իր մե՜ծ տարիքը, դարերու ընթացքին տեսած ծանր դէպքերն ու կրած յուզումները: Տակաւին չէի գիտեր, թէ ի՜նչ տեսնելիքներ ունէին ինքն ու քաղաքը …

Խան Ուազիրի մուտքէն կը մտնեմ եւ անմիջապէս աջ կը դառնամ, առանց մոռնալու կրկին հիանալ Օճառի Խանին (Խան Սապուն) նախշազարդ եւ շատ նուրբ դարպասով,- հասնելու համար համեմունքներու շուկան եւ Ապու Սթէֆին, որմէ ծաղկեթուրմ գնելու եկեր եմ:

Այս անգամ սակայն ուրիշ «հետախուզութիւն» մըն ալ պէտք է ընեմ՝ Եսայի Թուման, Հալէպի վերջին տարիներու արուեստագէտ-լուսանկարիչն ու լուսանկարչական տարեկան ցուցահանդէսներուն հիմնադիրը, այս անգամ Մատրասաթ էլ Շիպանիի մէջ ըրած է ցուցահանդէսը, համոզելով պատկան մարմինները, որ նորոգեն այդ լքուած կառոյցը եւ օգտագործեն:

Ճամբան չէի գիտեր, ըսուած էր, որ պէտք է Ներսի շուկային մէջէն անցնիլ հոն հասնելու համար (յետոյ այլ մուտք մը գտանք, որ բերդին դիմացէն ուղղակի Մատրասաթ էլ Շիպանի կը տանէր):
Գնումս ընելէ ետք, Ապու Սթէֆէն ուղղութիւն հարցուցի եւ ըստ իր բացատրութեան, սկսայ երթալ:
Ճամբուս վրայ նախ դէմս ելաւ դափնիի՝ ղար, օճառի գործարան մը.
– Կրնա՞մ մտնել դիտել:

Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս, դրան վրայ կեցողը, որ պահակէ մը աւելի բարձր պաշտօն ունէր կարծես, սիրով ընդունեց զիս եւ հեռուէ հեռու սկսաւ հետեւիլ, թէեւ այնքան ալ մեծ չէր այդ գործարան ըսուածը, որ խորքին մէջ արաբական հին տուն մըն էր, մէկ սենեակին մէջ օճառի հեղուկին աւազանը, իսկ բակին մէկ կողմը գետինը փռուած էր օճառը, որ կտրտուելու կը սպասէր, միւս կողմը՝ արդէն կտրտուած եւ իրար վրայ շարուած օճառները, որոնք պէտք է չորնան:
Մէկ անգամ ալ խորունկ շնչելէ ետք ղար օճառին սքանչելի հոտը, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ եւ դուրս կ’ելլեմ:
Քիչ մըն ալ կը քալեմ դարձդարձիկ նեղ թաղերէն, որոնք լաբիւրինթոս մը կը կազմեն, եւ ի՞նչ տեսնեմ՝ փոքրիկ դարպաս մը, կամարին վրայ՝ Պիմարստան գրուած:

Լսեր էի այդ բառը, որ յիմարանոց կը նշանակէ եւ ուր, շատ հին ժամանակներուն, հիւանդները ջուրին խոխոջով եւ երաժշտութեամբ կը դարմանեն եղեր:

Գեղեցիկ, գողտրիկ արաբական տուն մը, լիվանով եւ մէջտեղը աւազանով, այն տարբերութեամբ, որ աւազանէն փոքր առուներով ջուրը կը հոսի, բակին շրջանը կ’ընէ եւ յետոյ կ’երթայ դէպի ներս, հաւանաբար բաղնիքները:
Հանդարտութիւնը կը ծփայ աւազանին վրայ, ուր ջուր չկայ, բայց վանդակապատ պատուհանները տխուր պատկերներ կը հիւսեն աչքերուս առջեւ, կարծես կը լսէի ձայները հոն բանտարկուած խեղճերուն, որոնք ո՜վ գիտէ ինչ պայմաններու տակ կորսնցուցեր են իրենց հոգիին խաղաղութիւնը …

Դուրս կ’ելլեմ տխրութեամբ եւ կը շարունակեմ ուղիս մինչեւ Շիպանի, փորձելով մտապահել ճամբան:
-Բայց ինչո՞ւ նոյն ճամբէն վերադառնաս,- կ’ըսէ արկածախնդիր եսս,- շարունակէ՛, թերեւս ուրիշ հետաքրքրական տեղեր ալ գտնես …,- ըսաւ եւ համոզեց:

Շարունակեցի. բայց քանի կը խորանայի, թաղերը աւելի կը նեղնային, լռութիւնը աւելի կը շեշտուէր, եւ այն քանի մը անցորդները, որոնք պատին տակ քաշուելով ճամբայ կու տային, կասկածով կը դիտէին զիս:
Վախցայ: Երեւակայութիւնս թափ առաւ՝ եթէ դուռ մը կամացո՜ւկ մը բացուէր, զիս հանդարտօրէն ներս քաշէր ու փակուէր վրաս, ո՞վ պիտի իմանար … Ըստ հաշիւներուս, ուղղութիւնս դէպի մեծ պողոտայ պէտք էր տանէր զիս, բայց պողոտային նշոյլն իսկ չկար, աղմուկը եւ ինքնաշարժներու շչակներուն ձայնն իսկ չկար:

Վերջ ի վերջոյ տարեց մարդ մը մօտեցաւ.
-Ո՞ւր կ’երթաս, քո՛յրս,- հարցուց:
-Կ’ուզեմ պողոտայ ելլել եւ թաքսի մը առնել,- ըսի:
-Գիտեմ որ այս կողմերէն չես, բայց նաեւ զբօսաշրջիկ չես …,- մարդը գլուխը շարժեց, ճամբան ցոյց տուաւ եւ սպասեց մինչեւ թաղին անկիւնը հասայ:

Այդքան վախցած չէի շա՜տ վաղուց, անկողինին տակի հրէշները նուաճելէս ի վեր:
Յետոյ յաճախ գացինք Շիպանի դպրոցը, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ Հալէպի առաջին ճազ ֆէսթիվալը, շատ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով:

Ներսի շուկան, արեւելեան բաղնիքներն ու մանաւանդ Բերդին շուրջ բուսած նորօրեայ սրճարանները քաղաքին այլ եռանդ տուեր էին, զբօսաշրջիկներուն թիւը շատ արագ մեծ աճ արձանագրեր էր եւ Հալէպը դարձեր էր թերեւս այն միակ քաղաքը, որ իր հնութիւններուն հետ կը պահէր եւ կը ցուցադրէր նաեւ մարդկային արդէն մոռցուած յատկանիշեր՝ բարութիւն եւ ազնուութիւն, իրարօգնութիւն, օտարին հանդէպ յարգանք եւ գուրգուրանք, որոնք զբօսաշրջիկներուն կողմէ կը գնահատուէին ճի՛շդ այնքան, որքան հնագիտական վայրերը:

Այսօր … Որքան կ’իմանամ եւ կը տեսնեմ համացանցէն, արդէն նորոգուեր են շուկաները. բայց կը կարծեմ թէ ինծի պէս մարդոց համար, որոնք տարօրէն կապուած էին քաղաքին հին շրջանին, մի՛շտ ալ նորին տակ պիտի տեսնենք հինը, վաւերականը, որ կը շարունակէ ապրիլ մեր սրտերուն մէջ:

 

Մարուշ Երամեան