Վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին Ատրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութիւնը, փորձագիտական շրջանակներն ու լրատուամիջոցները հետեւողականօրէն կը զարգացնէին դէպի Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական բեռնափոխադրումները Հայաստանէն Լաչինի միջանցքով իրականացնելու փոխարէն Ատրպէյճանէն Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբայով կազմակերպելու անհրաժեշտութեան իրենց սարքած պատմութիւնը: Պաքուի կողմէն այդ մէկը աւելի  բացայայտօրէն ներկայացուեցաւ 15 Յունիսէն ետք, երբ Հաքարիի կամուրջին վրայ Ատրպէյճանի դրօշի տեղադրման անյաջող փորձ կատարելէ ետք, Ատրպէյճան ամբողջովին արգելափակեց դէպի Լեռնային Ղարաբաղ սահմանափակ մարդասիրական բեռնափոխադրումները:
Յատկանշական է, որ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբան նմանատիպ միակ պայմանը չէ: Ատրպէյճանական կողմը կը պահանջէ նաեւ, որ Ստեփանակերտի «Կարմիր Խաչ»-ի գրասենեակը փակուի, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այդ կազմակերպութեան գործունէութիւնը համակարգուի «Կարմիր Խաչ»-ի միջազգային կոմիտէի Պաքուի գրասենեակին կողմէն: Բացի այս բոլորէն, Ատրպէյճանէն կը հնչեն նաեւ յայտարարութիւններ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրքի մատակարարումները եւս պէտք է իրականացուին ոչ թէ Հայաստանէն, այլ Ատրպէյճանի տարածքէն Դերբենդ-Բարդա-Աղտամ-Իւանեան երթուղիով: Ատրպէյճանի յօրինած այս պատմութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի լիարժէք մեկուսացման, անոր շուրջ օղակը սեղմելու քաղաքականութեան մաս կը կազմեն: Ներկայիս Պաքուն առաւելաբար կեդրոնացած է Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհին վրայ: Նոյնիսկ ցուցադրաբար սկսած է անոր վերանորոգութեան աշխատանքները, սակայն վստահաբար կարելի է պնդել որ միւս պատմութիւնները կեանքի կոչելու համար եւս աշխատանքներ  կը տարուին:
Անդրադառնանք Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբով բեռնափոխադրումներու կազմակերպման մասին ատրպէյճանական առաջարկին: Հարկ է ընդգծել, որ ատրպէյճանական պաշտօնական շրջանակները Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբան կը ներկայացնեն, որպէս Լաչինի միջանցքին փոխարինող այլընտրանք:
Առանց Լաչինի միջանցքի վերաբացման Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբուն շահագործման առաջարկով ատրպէյճանական կողմը կը հետապնդէ քանի մը նպատակ.
Պաքուն նախ եւ առաջ կը ցանկայ միջազգային հանրութեան աչքին իբրեւ թէ կառուցողական երեւիլ, մեղմացնելով Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խորացող մարդասիրական ճգնաժամի մասին միջազգային ճնշումները: Ատրպէյճանը կը փորձէ նաեւ հասնիլ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ենթակառոյցներու, մարդասիրական կապերու ամբողջական խզման՝ մեկուսացնելու Լեռնային Ղարաբաղը եւ իրմէ կախեալ դարձնելու զայն: Ասիկա Պաքուի փաստացի փորձն է շուրջ 8-ամսեայ շրջափակման մէջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան պարտադրելու Ատրպէյճանի մէջ համարկուելու օրակարգի ընդունումը:
Առանց Լաչինի միջանցքի վերաբացման Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբուն շահագործման հասնիլը Պաքուի կողմէ կ’ընկալուի, որպէս իր յարձակողապաշտ քաղաքականութեան յաղթանակը, ինչ որ ճամբայ պիտի բանայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վրայ աւելի կոպիտ ճնշումներու համար,  նոյնիսկ ուժի կիրառումով:
Ատրպէյճանական կողմը Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբու պատմութիւնը առաջ տանելու հարցին մէջ աշխուժօրէն կ’օգտագործէ իր լրատուական, քարոզչական ողջ գործիքակազմը եւ իր նախաձեռնած արշաւին մէջ չի խորշիր նոյնիսկ բարձր մակարդակով ապատեղեկատուութիւն տարածելէ: Ասոր վառ օրինակներէն է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի յայտարարութիւնը՝ իբր թէ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբու օգտագործման շուրջ Պրիւքսէլի մէջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է եւ ճամբան պատրաստ է բազմատեսակ ապրանքներու առաքման համար: Նման համաձայնութեան մասին ատրպէյճանական կեղծիքը հերքեց ինչպէս պաշտօնական Երեւանը, այնպէս ալ՝ Պրիւքսէլը:
Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէֆ Պորել 28 Յուլիսին յայտարարութիւն տարածեց արձանագրելով, որ եւրամիութիւնը միայն «ի գիտութիւն» ընդունած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու յայտնած պատրաստակամութիւնը՝ ապրանքներ մատակարարել Աղտամ քաղաքէն: Սակայն այդ մէկը պէտք չէ դիտարկուի, որպէս Լաչինի միջանցքի վերաբացման այլընտրանք: Աւելի՛ն Պորել ընդգծեց որ Լաչինի միջանցքով անվտանգ եւ ազատ տեղաշարժի երաշխաւորումը Ատրպէյճանի իշխանութիւններու պարտականութիւնն է:
Լաչինի միջանցքի անյապաղ ապաշրջափակման մասին յայտարարութիւններով հանդէս կու գան նաեւ տարբեր երկիրներ եւ կառոյցներ ինչ որ շատ  կարեւոր է Լաչինի միջանցքի եւ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբու միջեւ հաւասարութեան նշան դնելու ատրպէյճանական փորձերը ձախողութեան մատնելու համար: Այս առումով անհրաժեշտ է միջազգային գործընկերներու հետ շարունակել հետեւողական աշխատանքը: Անոնց մօտ ամրապնդելով այն ընկալումը, որ ատրպէյճանական կողմի առաջարկած որեւէ ճամբայ չի կրնար փոխարինել Լաչինի միջանցքը: Իսկ այս պնդումը ունի առաւել քան բաւարար հիմքեր: Նախ եւ առաջ արձանագրենք, որ Լաչինի միջանցքը ունի յստակ կարգավիճակ, որ արձանագրուած է 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ: Մինչդեռ առաջարկուող Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբան անհասկնալի կարգավիճակով երթուղի մըն է, որ որեւէ միջազգային երաշխիքներով ամրագրուած չէ:
Արդարադատութեան միջազգային դատարանը երկու որոշում գոյացուցած է պարտաւորեցնելով Ատրպէյճանը քայլեր ձեռնարկելու Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժի վերականգնումին համար: Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբու շահագործումը արցախահայութիւնը Պաքուէն կախեալ պահելու նպատակ կը հետապնդէ:
 Հաշուի առնելով Ատրպէյճանի ղեկավարութեան գործելաոճը կարելի է վստահօրէն պնդել որ Լաչինի միջանցքի փոխարէն շահագործման պարագային այդ ճամբան պիտի դառնայ սպառնալիքի գործիք: Բացի այդ Լաչինի միջանցքը պարզապէս մարդասիրական բեռներու տեղափոխման համար չէ: Ան մարդասիրական միջանցք է, որով Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան համաձայն պէտք է ապահովուի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ յատուկ կապը, մարդկային շփումները, երթեւեկութեան եւ բեռներու ազատ տեղաշարժը երկու ուղղութեամբ:
Աղտամ-Ստեփանակերտ կամ այլ ճամբով այդ մէկը կարելի չէ կազմակերպել: Ի տարբերութիւն Լաչինի միջանցքին, Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբուն կիրարկումով Ատրպէյճան լիարժէք վերահսկողութիւն պիտի ունենայ ինչպէս ճամբուն, այնպէս ալ անով իրականացուող բեռնափոխադրումներու գործընթացին վրայ, ինք որոշելով թէ ի՛նչ ապրանքատեսակներ եւ ի՛նչ քանակութեամբ թոյլատրելի է տեղափոխել Լեռնային Ղարաբաղ:
Նման ենթադրութիւններ առնուազն օրինակ են՝ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան յարձակողապաշտ հռետորաբանութեան: 8-ամսեայ շրջափակման իրողութիւնը եւ անգամ կենսական մարդասիրական հարցերուն մէջ Պաքուի ո՛չ-կառուցողական դիրքաւորումը նոյն օրինակին կը ծառայեն: Նուազ հիմնաւոր են ֆիզիքական անվտանգութեան մտավախութիւնները: Յուլիսի վերջաւորութեան Ատրպէյճան Լաչինի միջանցքին վրայ տեղադրուած ապօրինի անցակէտէն առեւանգեց «Կարմիր Խաչ»-ի Միջազգային Կոմիտէի կողմէն ԼՂ-էն Հայաստան բուժման նպատակով տեղափոխուող 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանը: Անոր նկատմամբ Պաքուն արդէն շինծու գործ յարուցած է:
Եթէ ատրպէյճանական կողմը նման ապօրինութիւններ ինքզինք թոյլ կու տայ միջազգային հանրութեան կողմէն ճանչցուած մարդասիրական միջանցքին վրայ՝ «Կարմիր Խաչ Միջազգային Կազմակերպութեան» պաշտպանութեան տակ գտնուող անձին նկատմամբ, ուրեմն կարելի է պատկերացնել, թէ ինչեր կրնան սպառնալ Լեռնային Ղարաբաղի այն բնակիչներուն, որոնք հարկադրուած պիտի ըլլան օգտուիլ Աղտամ-Ստեփանակերտ Ճամբայէն՝ իրենց կենսական կարիքներու ապահովման համար:
Այսպիսով Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը եւ Ատրպէյճանի կողմէն առաջարկուող Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբան որեւէ պարագային չեն կրնար նոյն հարթութեան վրայ դրուիլ: Պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը յստակ է՝ Լաչինի միջանցքը չի կրնար դառնալ սակարկման առարկայ, առաւել եւս փոխարինուիլ անհասկնալի կարգավիճակով ինչ-որ ճամբայով: Լաչինի մարդասիրական միջանցքի բացումը այլընտրանք չունի: Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին աճող  միջազգային միահամուր կեցուածքը կը վկայէ այդ մասին:
«Այլ Հայեացք»
Արտագրեց եւ արեւմտահայերէնի վերածեց՝
Վեհան Պարսումեան