Կեանք ըսուած «առեղծուած»-ը թաւալգլոր եւ ահեղավազ յորձանքի նման կ’ընթանայ։ Տարիները, օրերը նոյնպէս հոսանուտ վտակի նման եւ իբրեւ անդարձ ժամանակ կ’անցնին։ Ամէն մէկ պահը մեր կեանքի ժամանակին մէջ կ’ապրինք։ Ժամանակի ալիքներուն վրայ կը նաւարկենք եւ օր մըն ալ մեր աչքերը փակած կը մեկնինք այս դժուարալից կեանքէն։ Սա մեր բնութեան մէջ «գրուած օրէնք է», մեր «ճակտի գիրն է», ինչպէս պիտի ըսէր ժողովրդական առածը։
ժամանակին մէջ էր նոյնպէս 20 Յուլիս 2023-ը, որ շատերու միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ դաջուեցաւ եւ մնաց իբրեւ սրտաճմլիկ օր մը, երբ մահ կոչուած չարանենգ սադայէլը իր մագիլները արձակեց Ազնիւ Ստեփանեան-Լէպլէպճեանի վրայ։
Արդարեւ, մարդկային մտածողութեամբ կարելի չէ հաւատալ, որ մարդ այսքան հեշտութեամբ կրնայ հրաժարիլ կեանքէ մը, ուր հոգեւին եւ ողջ էութեամբ շրջանակ մը զինք այսքան գորովագին կը սիրէր։ Շրջանակ մը, որ իր ընդվզած ու սգաւոր սիրտը, այդ օր դառնակսկիծ հառաչներով քամեց արտասուաթոր արցունքով։ Ժողովուրդ, որուն միասնական եւ հոգեբուխ աղօթքը, սիրելի Ազնիւի բիւրեղեայ հոգւոյն կողքին, այդ օր աղաւնեթռիչ թեւածեց առ Արարիչն Աստուծոյ։
Մեր Ազնիւը սիրոյ ու մարդասիրութեան հոսք էր, յարգանքի ու պարկեշտութեան ջրվէժ։ Անձ մը, որ հասաւ բոլորին եւ միայն ու միայն սէր բաշխեց ամէնուր. անշահախնդիր եւ անհուն սէր՝ բոլոր-բոլորին նկատմամբ։ Զինք ճանչցողները կը վկայեն, որ ան իւրայատուկ էր իր բարի հոգիով եւ ազնուութեամբ։ Իր ծնողները զինք զուր տեղ Ազնիւ չէին կոչած, որովհետեւ ինք ազնուութեան մարմնացումն էր՝ բառին վաւերական առումով։ Ահա թէ ինչո՛ւ խօսքին մեղմութիւնը, լեզուին բնածին քաղցրութիւնն ու մելանոյշ երաժշտականութիւնը, սիրալիր ու մտերմիկ յարաբերութիւնը, խօսակիցին նկատմամբ զգուշաւոր փափկանկատութիւնը, շուտով երեւցող ժպիտը, եւ իրմէ շատ աւելի համեստ կարողութիւն ունեցողներուն հանդէպ յարգալից վերաբերմունքը, բնականօրէն սիրելի դարձուցին զինք։
Այսպէ՛ս էր մեր Ազնիւը…
Ըլլալու եւ չըլլալու, ապրելու եւ չապրելու երկդէմ ու անբաժան այս իրականութիւնը դառնօրէն ճշմարիտ է, որ կը տագնապահարէ մեզ։ Ինչքա՜ն մեծ ուրախութիւն էր խօսակցիլը անոր հետ, բայց նոյնքան սաստիկ ու ահռելի՝ անոր կորուստը։ Չկայ բոլորիս կողմէ սիրուած Ազնիւը, բայց կան ու պիտի մնան իր բարեգործութիւնը, ծառայութիւնը, իր սրտախօսիկ խրատները, իր խօսքը, իր բառը…։ Միթէ կը լեցուի՞ նորէն այս տեղը, կու գա՞ն նոյնատիպ վարքագիծ ու նկարագիր ունեցող Ազնիւներ։ Այո՛, բայց մեր Ազնիւը տարբեր էր…
Ընտանիք մը այնքան առողջ է որքան այդ ընտանիքին մայրը իր սիրտն ու հոգին անոր կառոյցին մէջ կը հիւսէ։ Կինը, մայրը սիւնն է ընտանիքի իր սիրով, հաւատքով, նուիրումով, սրբութեամբ, ազնուութեամբ ու առաքինութեամբ։ Իսկ առաքինի հայրը՝ ամրակառոյց ու անխորտակելի պարիսպն է ընտանիքին։ Երբ տան մը սիւնն ու կառոյցը ըլլան ամուր ու հաստատուն, այդ տունը կը մնայ անխորտակելի՝ ամէնէն ուժգին փոթորիկներուն ու հարուածներուն իսկ դիմաց։
Ս. Կոյս Մարիամի առաքինութիւններով իր կեանքը շաղախած մեր բարի Ազնիւը, իր ամուսնոյն՝ Կիրակոսին հետ միասին, իր փոքրիկ ընտանիքը վերածեց սիրոյ բոյնի, խաղաղութեան յարկի եւ ազգային աւանդութեանց վառ օճախի։ Ըսուած խօսք է, թէ «Մայրանալը դիւրին է, բայց մայր դառնալը զոհողութիւն է»։ Ազնիւը ո՛չ միայն զոհուող մայր եղաւ, այլեւ իսկական ընկեր մը, որ լսեց իր զաւակները, ինքզինք նոյնացուց անոնց հետ եւ փորձեց իր չորս զաւակներուն՝ Անժելին, Յովիկին, Ալինին եւ Մեղրիին հոգւոյն մէջ ցանել քրիստոնեայ հայ մարդ ըլլալու արժէքները, սերմերը, որոնք իբրեւ ատոք հասկեր այսօր արդէն իսկ ծլարձակած են։
Բոլորս ալ գիտենք, որ Ազնիւը Հայ  Եկեղեցւոյ կապուած զաւակ մըն էր։ Եկեղեցին իրեն համար քրիստոնէական կեանքին նկարագիր տուող իրականութիւն էր։ Ինք սոսկ Եկեղեցիին չէր պատկաներ, այլ Եկեղեցին կ’ապրէր։ Եկեղեցւոյ «անսքեմ» առաքեա՛լն էր ան, ոչ թէ լոկ պաշտօնով, այլ ամբողջ էութեամբ, հոգեխառնութեամբ ու ապրումով։ Հալէպի մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի ճամբով մաս կազմեց բազմաթիւ մարմիններու եւ գործեց անանձնական ծառայութեամբ։
Ու հիմա, երբ բոլորս կորուստին ահագնութեան տակ ընկճուած ենք, պահ մը կ’ուզենք վերստին չհաւատալ սա դաժան իրականութեան, ըսելով թէ մահը ինչպէ՞ս կրցաւ այսքան հեշտութեամբ իր յաղթութիւնը հռչակել անմեղ ու բարի հոգիի մը վրայ։ Միթէ անողոք դիպուած մը չէ՞ր պատահածը…։
Որքա՛ն ալ փորձենք տարհամոզել մենք մեզ, հարցադրումներ կատարել, տրտմիլ, ափսոսալ եւ ընդվզիլ, ոչ մէկ բան պիտի փոխուի։ Սա Ամենակալն Աստուծոյ կամքն է։ Այնքան ատեն որ կը հաւատանք, թէ մահը մեր կեանքին վճռարձակ դատաւորը եւ վերջակէտը չէ, այն ատեն պէտք է համոզուինք որ հրեշտականման մեր Ազնիւը չէ մեռած, այլ կը նիրհէ ու մեզ կը դիտէ երկինքէն, որովհետեւ ինչպէս առաքեալը կ’ըսէ, թէ Քրիստոսի յարութեամբ «Մահը կլանուեցաւ, յաղթանակը շահուեցաւ» (Ա.Կր 15.54)։
Եկէք ընդունինք, որ երկիր մոլորակը հրաշք մը կորսնցուց, բայց երկինքը նոր հրեշտակ մը ունեցաւ։
Սիրելի ու աննման Ազնիւ,
Ո՞վ քեզ չսիրեց։ Տե՛ս, քեզ սիրողներդ, հարազատներդ, ընկեր-ընկերուհիներդ, ի՜նչ հարազատութիւն կայ այստեղ։ Այսօր, արցունքները մաքուր են եւ իրական, թաց աչքերը այսօր աւելի հարազատ են իրարու, այդ աչքերուն մէջ քու անունդ կ’աղերսուի, պատկերդ կը լուսազարդուի. մաքուր աչքեր են՝ մաքրացած այն սէրէն, որով դուն սիրեցիր։
Թէեւ, այսօր ֆիզիքապէս կը բաժնուիս մեզմէ, բայց քու անթառամ յիշատակդ, քաղցրահունչ ձայնդ, անմեղունակ ժպիտդ խորաքանդակուած պիտի մնան մեր սըրտերուն մէջ, որովհետեւ կը հաւատանք որ դուն չե՛ս մեռած, այլ՝ կը ննջես։
Աւետարանը գեղեցկօրէն կ’ըսէ. «Հօրմէն ելայ եւ աշխարհ եկայ եւ այժմ կը ձգեմ աշխարհը եւ Հօրը  կ’երթամ» (Յհ 16.28)։
Այժմ երկնաւոր Հօրդ քովն ես, երկնային բնակարանիդ մէջ։ Լոյս ու խունկ քու ազնուաբոյր հոգիիդ։
Ալեքս Սրկ. Գալայճեան