(Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850-ամեակին առիթով)
Դարեր անցան ժիր սերմնացան
Կը մնաս վեհ, դէմք սրբազան
Յիսուսասէր ձայն հայկական
Մեր վէրքերուն դեղ-բալասան։
Շնորհընկալ միջնադարեան
Մարդակերտման ներշնչարան
Դուն պարծանքը մեր պատմութեան
Յիշատակդ սուրբ տօնական։
Երանելի սուրբ ախոյեան
Հոգեշահ գանձ տէրունական
Ընտիր մշակ, սիրոյ թարգման
Պայծառամիտ աստուածաբան։
Կանչդ եղաւ կոչ արթնութեան
Վարքդ պատկեր վայելչական
Յորդորներդ այժմէական
Կրօնաշունչ, բարոյական։
Քրիստոսի խոնարհ ծառան
Խոստովանող վաւերական
Բարեհամբաւ հայր պատուական
Յաղթող երթդ ոսկեմատեան։
Կեանքդ օծուն լուսամատեան
Ո՜վ դեսպանը Արքայութեան
Ցոյց տուիր դուն լոյսի ճամբան
Որ անկեալներ Տիրոջ դառնան։
Շարականով աղօթական
Գովք հիւսեցիր օրհներգութեան
Աղօթքներդ գրաւչական
Եղան ազդու, ներգործական։
Դուն Սուրբ Գիրքի սերտ սերտարան
Հայադրոշմ սաղմոսարան
Խօսնակ ուղիղ դաւանութեան
Ջերմ պաշտպանը ողջմտութեան։
Հետքդ մնաց որպէս նշան
Հրաշքներու հանդիսարան
Հոգածութեան վկայարան
Իբրեւ մասունք բիւր օրհնութեան։
Մեր հաւատքի ամրապնդման
Դերակատարն ես անպայման
Մեր հոգեւոր պտղաբերման
Օրհնեալ միջոցն ես անվարան։
Կարիքն ունինք իմաստութեան
Հոգեպարար խաղաղութեան
Ընթացքովդ յուսադրական
Կու տաս բարի լուր փրկութեան։
Տէր իմ Յիսուս, մեր սիրական
Շնորհեցիր ողջ հայութեան
Շնորհալի Ներսէս վկան
Որ սիրենք քեզ անոր նման։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան