Արցախի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանը ահազանգած է Արցախի մէջ սովամահութեան դէպքին մասին։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումին համաձայն, Արցախի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան այս մասին գրառում կատարած է դիմատետրի իր էջին վրայ։

Ան ընդգծած է, որ Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին ստացած տեղեկատուութեան եւ ՄԻՊ աշխատակազմի կողմէն իրականացած ուսումնասիրութիւններով յայտնուած է, որ Ստեփանակերտի բնակիչ, 1983 թուականին ծնած Կ.Յովհաննիսեան մահացած է քրոնիկ թերսնուցման, սպիտակուցի անբաւարարութեան հետեւանքով։

«Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի ութ ամիս շարունակուող շրջափակման աղէտալի հետևանքները հանրային առողջութեան վրայ աւելի նկատելի եւ շօշափելի են, որոնք առաջնահերթօրէն կ’արտայայտուին հասարակութեան խոցելի խումբերուն՝ երեխաներու, յղիներու, քրոնիկ հիւանդութիւն ունեցող անձերու, հաշմանդամներու եւ տարեցներու առողջական իրավիճակին վրայ։

Շրջափակման եւ յատկապէս երկամսեայ լիակատար պաշարման հետեւանքով յառաջացած պարենային աղէտալի իրավիճակը եւ անոր հետեւանքով անձերու թերսնուցումը եւ սովի սպառնալիքը, անհրաժեշտ դեղորայքի բացակայութիւնը եւ առողջապահական համակարգի լիարժէք գործելու անկարելիութիւնը ուղիղ եւ անառարկելի սպառնալիքներ կը ստեղծեն Արցախի 120 հազար բնակչութեան համար», գրած է Արցախի ՄԻՊ-ը։