Alpha News-ի ուղիղ սփռումին ընթացքին Արցախի ներկայ վիճակին շուրջ ընթացած զրոյցի ատեն «Գանձասար»-ի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան ըսաւ, որ «հալէպահայութեան ընդհ. կարծիքին համաձայն, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն  պաշտպանութիւնը էական է»:
«Մեզի համար շատ կարեւոր է Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը, որովհետեւ ապրելով իր պատմական բնօրրանին մէջ՝ Արցախի ժողովուրդը պէտք է իրաւունք ունենայ նուազագոյն կենսական պայմաններով ապրելու, իրաւունք ունենայ մայր Հայաստանին հետ կապ ունենալու», ըսաւ ան:
Պօղիկեանի համոզմամբ՝ Արցախը այսօր Ատրպէյճանի կողմէ կ’ենթարկուի ոչ միայն քաղաքական ճնշումի, այլ նաեւ ցեղասպանութեան:
«Արցախը այսօր կ’ենթարկուի Ատրպէյճանի կողմէ բռնութեան, որ ոչ թէ պարզապէս քաղաքական ճնշում է, այլ ուղղակի մարդոց կեանքին կը սպառնայ, ցեղասպանութեան նախատիպն է այն, ինչ որ այսօր կը կատարուի Արցախի մէջ», արձանագրեց սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչը: