Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ սուրիական դպրոցներէն ներս 2023-2024 տարեշրջանը պիտի սկսի Կիրակի, 3 Սեպտեմբեր 2023-ին, իսկ վարչական աշտօնեաները եւ ուսուցչական կազմը աշխատանքի պիտի սկսին յառաջիկայ Կիրակի, 27 Օգոստոս 2023-ին։