Սուրիոյ Ներքին Առեւտուրի նախարարութիւնը բարձրացուց մազութի, պէնզինի, ֆիուլի եւ կազի գիները, շեշտելով, որ հացին գինը որեւէ փոփոխութեան չենթարկուեցաւ։

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ քաղաքացիներու օգտագործման մազութի 1 լիթրին գինը հասաւ 2000 ս.ո.-ի, պէնզին օքթան 90-ինը՝ 8000 ս.ո.ի, իսկ օքթան 95-ինը՝ 13.500 ս.ո.-ի։